Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին` Ախոյեանութենէն Դուրս Ձգելով Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ը

April 24, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆոր-ի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ առաջին մրցումը սկսաւ յաղթանակով, սակայն անկէ ետք կրեց յաջորդական երկու պարտութիւն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Պէյրութ 2-1 արդիւնքով գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը` չորրորդ մրցումին նախօրեակին:

Ասիկա նկատի առնելով` ՀՄԸՄ-ի դիմաց այլընտրանք չկար, բացի յաղթանակ արձանագրելէ եւ մրցակիցին հինգերորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումը պարտադրելէ, որպէսզի յստականայ, թէ ո՛ր խումբը պիտի հասնի աւարտականին` ճակատելու համար Ռիատիին դէմ, որ իր տոմսը ապահովեց 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Շանվիլը:

Նշենք, որ մրցումի ազդանշանին տրուելէն երկու-երեք ժամ առաջ, ՀՄԸՄ-ի համակիրները արդէն իսկ խիտ շարքերով ուղղուած էին դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ը:

Այս մրցումը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ անոր սկսաւ բաւական զօրաւոր ձեւով, եւ նշանակելով վեց թրի-փոյնթեր, առաջին քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 28-24 արդիւնքով:

Երկրորդ քորթըրին, երկու խումբերը նշանակեցին 20-ական կէտ, ինչ որ անոնց միջեւ չորս կէտի տարբերութիւնը պահեց անփոփոխ` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի (48-44):

Երրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ նշանակեց 22 կէտ, մինչ Պէյրութ` 24 կէտ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ կէտերու տարբերութիւնը նուազի երկուքի, ի նպաստ` ՀՄԸՄ-ի, 70-68 արդիւնքով:

Բաղդատմամբ նախորդ երեք քորթըրներուն, վերջինին Պէյրութ շատ աւելիով բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ հետզհետէ ճնշելով ՀՄԸՄ-ի վրայ, զգալիօրէն տիրապետեց դաշտին տիրոջ վրայ, մրցումին ղեկը առաւ իր ձեռքին մէջ եւ ապա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 96-91 արդիւնքով:

Այստեղ պէտք է նշել, որ այս վերջին քորթըրին Պէյրութ նշանակեց 28 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ բաւականացաւ միայն 21 կէտով:

Այսպիսով, Պէյրութ 3-1 արդիւնքով յառաջանալով, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` ախոյեանութենէն դուրս ձգելով տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ուոլթըր Հոճ (24 կէտ, 13 էսիսթ) եւ Ժերար Հատիտեան (15 կէտ, 13 ռիպաունտ):

Բայց եւ այնպէս Հոճ կատարեց 8 թըրն-օվըր` խումբին կատարած թըրն-օվըրներէն կէսէն աւելին (14):

ՀՄԸՄ-էն չորսական թրի-փոյնթ նշանակեցին Մայք Էֆիպրա (ընդամէնը` 25 կէտ) եւ Էլի Ռըսթոմ (ընդամէնը` 14 կէտ):

Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (14 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ճասթին Տենթմըն նշանակեց 27 կէտ:

Ռալֆ Աքըլ, որ վերջին քանի մը մրցումներուն ունեցաւ բացառիկ ելոյթ, այս մրցումին եւս փայլելով նշանակեց 18 կէտ, ներառեալ` 4 թրի-փոյնթ:

Կարեւորութեամբ պէտք է նշել Պէյրութի ունեցած քամ-պեքը` նկատի ունենալով, որ մրցումին տեւողութեան անիկա առիթով մը 13 կէտով ուշացած էր:

Այսպիսով, Պէյրութ հաստատ քայլերով ապահովելով աւարտականի իր տոմսը, պիտի ճակատի Ռիատիի դէմ, առաջին մրցումին սկսելով իր դաշտէն` Շիահէն:

Նախորդը

«Փորշ- Սուփըր-Քափ-2019». Ֆայսալ Զուպէյր Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Ապրիլ 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.