Գերմանիոյ մէջ աւարտած ճատրակի «Կրենքէ-օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին Հայաստան ունէր 2 ներկայացուցիչ` կրանտմասթըրներ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արամ Յակոբեան:
Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ, բաժնեց 1-8-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով ան գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ գերմանացի Տանիել Ֆրիտման, որ այսպիսով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Կրենքէ-Քլասիք»-ի մրցաշարքին:
Իսկ Արա Յակոբեան 7 կէտով գրաւեց 21-րդ դիրքը:
Ասիկա կը նկատուի Եւրոպայի մեծագոյն մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 904 ճատրակ խաղացողներ:



