Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահին. Ազրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Նոր Ստորագրուելիք Համաձայնագիրին Մէջ Հողային Ամբողջականութեան Մասին Կէտ Կայ

April 24, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին նոր համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի 13 մայիսին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով:

Ըստ անոր, համաձայնագիրի նախագիծին մէջ տեղ գտած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող կէտ, ինչպէս ան ըսած է` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման փաստը»:

«Ատիկա շատ կարեւոր հարց է, մենք երկար աշխատած ենք ատոր վրայ եւ հասած ենք անոր, որ այդ համաձայնագիրին մէջ ներառուին Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող կէտեր», ըսած է խորհրդարանի նախագահը:

Ան մեղադրած է հայերը Ազրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական գործընկերութեան մասին նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը «խոչընդոտելու փորձերու» յանցանքով:

«Իբրեւ կանոն, պետութիւնները կը ստորագրեն այդ փաստաթուղթը Եւրոպական Միութեան կողմէ օժանդակութիւն ստանալու համար: Սակայն մենք ատոր կարիքը չունինք», ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրենց հիմնական նպատակը ղարաբաղեան տագնապի լուծումն է եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը:

Ազրպէյճանական «Օքսու» կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հերքէ երկրի խորհրդարանի նախագահին այն յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի 13 մայիսին:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր, Լէյլա Ապտուլայեւայի, համաձայնագիրին վերաբերեալ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Հերթական Մեղադրանքը` Հայերուն Եւ Հայկական Սփիւռքին

Յաջորդը

Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ. Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.