Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

April 23, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մասնաճիւղային քայլարշաւը` Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք:

Քայլարշաւը առաջնորդեց մասնաճիւղին շեփորախումբը, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին սկաուտական բոլոր խումբերը, մասնաճիւղի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները, մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերու անդամներ, մասնաճիւղի անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Քայլարշաւին մասնակցեցան նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի եւ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամներ:

Քայլարշաւի մասնակիցները վանք հասնելով ունկնդրեցին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին խօսքը, զոր արտասանեց խորհուրդի ատենապետ Թալին Փափիրեան: Ան հաստատեց, որ աւանդութեան վերածուած այս քայլարշաւը յարգանքի տուրք է մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ առիթ է խրոխտ ու խիտ շարքերով կանգնելու Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի զոհերու մատրան առջեւ եւ բարձրաձայն յայտարարելու, թէ մենք տէրն ենք մեր նախնեաց կտակին, նաեւ վկայելու, թէ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց, պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ բազմանալ: Թալին Փափիրեան տողանցքին մասնակիցներուն անունով ըսաւ, թէ իրենք կը վերանորոգեն իրենց ուխտը ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, մնալու տիպար հայեր եւ պահպանելու հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը:

Ապա ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին անունով, իսկ իւրաքանչիւր սկաուտ, մարզիկ եւ ծնողք մատուռին առջեւի բոցին շուրջ տեղաւորեց  իր ծաղիկը:

Անկէ ետք բոլորը մտան վանք, ուր տեղի ունեցաւ խոստովանանք, ապա` հաղորդութիւն:

Նախորդը

17 Ապրիլ 1922. Պեհաէտտին Շաքիրի Ու Ճեմալ Ազմիի Ահաբեկումը. «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» Հայոց Ցեղասպանութեան Պատասխանատուները

Յաջորդը

«Քրիստոսի Յարութիւնը Մեզ Մահէն Կ՛ազատագրէ Եւ Կը Տանի Անմահութեան». Նարեկ Արքեպիսկոպոս

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.