Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ջնջեն Իրանի Հետ Առեւտուրի Մէջ 8 Երկիրներու Տրուած Արտօնութիւնները» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

April 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չերկարաձգէ Իրանի դէմ կիրարկուած վառելանիւթի գնման հարցով պատժամիջոցներու ծիրին մէջ 8 երկիրներու տրուած արտօնութիւնները:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները աւելցնել, մինչեւ որ վերջինս նստի բանակցութեան սեղան` շեշտելով, որ իր երկիրը արտասահմանի մէջ որեւէ իրանեան խմբաւորումի չ՛աջակցիր:

Փոմփէօ նշեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները իրանեան վարչակարգը զրկած են 10 միլիառ տոլարէ` աւելցնելով. «Իրանեան վարչակարգը քարիւղէն իր ստացած գումարները կ՛օգտագործէ ահաբեկչութեան աջակցելու համար»:

«Իրան պէտք է զգուշ ըլլայ աշխարհի նկատմամբ իր վարմունքին ու քաղաքականութեան մէջ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պիտի շարունակենք կիրարկել Իրանի դէմ պատժամիջոցները` արգելք հանդիսանալու համար, որ ան իր քարիւղը արտածէ»:

Փոմփէօ յայտնեց, որ «գործընկերներու» հետ աշխատանք տարած են քարիւղի համաշխարհային շուկային մէջ գոյանալիք բացը փոխհատուցելու համար: «Իրանեան քարիւղի արտածումները պիտի հասցնենք զերոյի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրանցի ժողովուրդին համար աւելի լաւ կեանք մը կ՛ուզենք»:

Պատասխանելով հարցումի մը Փոմփէօ շեշտեց, որ «Քասեմ Սլէյմանիի եւ շիի միլիսներու որեւէ արարքին դէմ քայլեր պիտի որդեգրենք»` աւելցնելով, որ պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք Իրանի ուժը նուազած է:

«Պիտի չտատամսինք պատժամիջոցներ հաստատելէ եւ բոլորին կը յանձնարարենք զանոնք յարգել», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Քարիւղի մատակարարման մէջ որեւէ բացի փոխհատուցման մէջ կը վստահինք Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն»:

«2 մայիսին պիտի ջնջենք բոլոր արտօնութիւնները եւ որեւէ կողմի համար պիտի չերկարաձգենք զանոնք», յայտարարեց Փոմփէօ:

Նշենք, որ 8 նոյեմբեր 2018-ին 8 երկիրներու` Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի, Թայուանի, Թուրքիոյ, Իտալիոյ եւ Յունաստանի 180 օր տեւողութեամբ արտօնութիւն տրուած է Իրանէն քարիւղի ներածումները շարունակելու: Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ Թուրքիան կը նկատուին Իրանէն ամէնէն շատ վառելանիւթ ներածող երկիրները:

Մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկեան պատժամիջոցները նկատեց ապօրինի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, մեկնաբանելով Փոմփէոյի յայտարարութիւնը, նշեց. «Այս որոշումը պիտի չնպաստէ շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան»:

 

 

Նախորդը

Տեղեկագիր` Հայ Ուսանողի Ֆոնտի

Յաջորդը

Սրի Լանքայի Մէջ Ականահարումներու Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.