Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ` Խումբ Մը Երիտասարդներ Այցելեցին Քահլ Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով

April 19, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ քաղաքապետարանի երիտասարդական խմբակը Ս. Յարութեան տօնին առիթով յատուկ առաքելութեամբ մը այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ համեստ յայտագիրով մը հանդէս եկաւ մամիկներուն եւ պապիկներուն:

Երիտասարդներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Արազ Էլէյճեան, որ ըսաւ, թէ հայ նորահաս սերունդը հայկական վարժարաններու եւ ընտանիքներու մէջ դաստիարակուած է, եւ անիկա յաճախ պէտք է այցելէ մամիկներուն ու պապիկներուն, որովհետեւ անոնք ընտանիքներու հիմնական սիւնը կը հանդիսանան: Ան ըսաւ, թէ երիտասարդները պիտի շարունակեն մնալ տարեցներուն կողքին, անոնց ձեռք պիտի երկարեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի օգտուին անոնց ունեցած կեանքի հարուստ փորձառութենէն:

Երիտասարդները նուագով, ասմունքով, երգով ու պարով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին եւ ուրախացուցին տարեցները, ապա փոխադարձաբար ուրախացան իրենց կատարած առաքելութեան համար: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք անոնք մամիկներուն եւ պապիկներուն յանձնեցին անոնց համար պատրաստուած Զատկուան ծրարները, ապա գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց առօրեայ գործունէութիւններուն:

 

Նախորդը

Զատիկը

Յաջորդը

«Ոտնլուան Մաքրութեան, Խոնարհութեան Եւ Մանաւանդ Սիրոյ Արարողութիւնն Է» Հաստատեց Նարեկ Սրբազան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.