Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

April 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ «վտանգուած լեզու» հռչակուած արեւմտահայերէնը վերջապէս պիտի դրուի Հայաստանի օրէնսդիր իշխանութեան օրակարգին վրայ, եթէ անշուշտ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեանի նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտ զօրակցութեան արժանանայ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, որուն կը պատկանի ինք: Պէտք է ջերմօրէն ողջունել  Ն. Թուխիկեանի այս կարեւոր քայլը եւ մաղթել, որ ան անյապաղ իրականութեան վերածուի եւ վերածուի ակնկալուած որակով եւ նրբազգացութեամբ:

Այս առթիւ կարեւոր է շեշտել, որ մեր երկու գրական բարբառներու համատեղ ուսուցման գաղափարին առաջին հեղինակը Լեւոն Շանթն է (խորհրդակից ունենալով Նիկոլ Աղբալեանը), որուն նախագծերով պատրաստուած դասագրքերը լիովին կը ցոլացնեն այս նուրբ գործին մանկավարժական մեթոտաբանութիւնը: Հետեւաբար անիւը վերստին հնարելու կարիքը չունինք: Այդ գործին սկզբնական հովանաւորները եղած են ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Համազգային կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւնը, որոնց առաջադրութիւնը եղած է զինել տարագիր հայութիւնը մշակութային հուժկու քաղաքականութեամբ մը: Կ՛ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ այս գործը մօտ մէկ դարու կիրառական փորձաշրջան մը արդէն անցած է սփիւռքի մէջ` նուիրեալ եւ հմուտ ուսուցիչներու շունչին տակ:

Ըսել, որ «Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ոչ թէ սփիւռքը» կը նշանակէ անտեսել սփիւռքի մեծ ներդրումը այս մարզին մէջ: Եթէ այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անգրագէտ դիւանակալներն ու իրենց հայազգի մանկլաւիկները արեւմտահայերէնը կը հռչակեն «վտանգուած», պէտք է երեւակայել, թէ ի՛նչ բնորոշում պիտի տային անոնք` դիտելով սփիւռքի առաջին տարիներու վիճակը: Փաստը այն է, որ սփիւռքը կրցաւ մերժել Թուրքիոյ եւ մեծապետական աշխարհի վճիռը եւ տէր կանգնիլ իր լեզուին (աւելի քան` պոլշեւիկեան մականին ենթակայ մեր երկիրը), եւ մենք մէկ ամբողջ դար պահպանեցինք մեր լեզուն, ուղղագրութիւնը, մամուլը եւ ստեղծեցինք փայլուն գրականութիւն:

Այնուամենայնիւ, հայոց լեզուն այսօր ունի պաշտպանութեան մեծ խնդիր մը: Արեւմտահայերէնը` առաւե՛լ եւս: Վտանգը բազմաշերտ է եւ բազմակողմանի: Ես կը յուսամ, որ օրակարգի վրայ կը դրուի նաեւ այս ընդհանրական վտանգը, որ կը բխի ներկայ քաղաքակրթական փուլի ստոյգ մարտահրաւէրներէն, որոնք կը սպառնան փոքր ազգերու լեզուներուն: Հետեւաբար այս գոյութենական վտանգը յաջողապէս դիմագրաւելու ռազմավարութիւնն է, որ պէտք է անպայման ծնի լեզուի քննարկումներէն, եւ այդ գործին մէջ լիարժէք դերակատարութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ սփիւռքը` ի՛նք: Հայրենիք-սփիւռք պատմական համագործակցութեան կենսական տարածութիւնն է այս հարցը: Միասնական ուժերով միայն մենք պիտի կրնանք յաղթանակով պսակել այս ճակատամարտը: Ասիկա մեր մշակոյթի Սարդարապատն է: Գործե՛նք այդ յանձնառութեան ոգիով:

Ուաշինկթըն

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ճուլիըն Ասանժը Փնտռուած Մարդ Է

Յաջորդը

«Յաղթանակի Կարեւորութիւնը Պէտք Է Արժեւորենք»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.