Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

April 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու:

Օրհնութեան կարգէն ետք, սրբազան հայրը հաւաստիացուց, որ սոյն պահը բոլորին համար ուրախութեան առիթ մըն է, որովհետեւ «Գրատուն Նարեկացի»-ի նոր տեսքը եւ վերանորոգութիւնը ցուցանիշ է այն սկզբունքին, թէ կեանքը միշտ յառաջդիմութիւն է: «Վստահ եմ, որ տարբեր դիմագիծ ունէր այս հաստատութիւնը, երբ նոր բացուեցաւ եւ ժամանակի ընթացքին բարեփոխութիւններու ենթարկուեցաւ. ահաւասիկ այսօր նոր փուլ մը կը թեւակոխէ` իբրեւ հայ մշակոյթի եւ հայ գիրքի նուիրուած հաստատութիւն` Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ կը տեսնենք մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կրթական հաստատութիւններուն ծաղկումը եւ վերածաղկումը, մեր հոգիները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցուին, որովհետեւ այս բարեփոխութիւնները կու գան հաստատելու, թէ մենք մեր առաքելութեան մէջ բծախնդիր ենք, հետեւողական ենք եւ կը փորձենք մեր կարելին ի գործ դնել` ներկան եւ ապագան իրարու առնչելու համար:

«Կը շնորհաւորեմ բոլորս այս առիթով եւ կը մաղթեմ, որ մեր բոլոր հաստատութիւնները միշտ ծաղկուն եւ բարգաւաճ մնան եւ հասնին մեր ժողովուրդի զաւակներուն բիւր կարիքներուն», եզրափակեց Նարեկ արքեպիսկոպոս` յաջողութիւն մաղթելով «Գրատուն Նարեկացի»-ին եւ բոլորին ճիգերուն` ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճման համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. «Ֆերահեան» Վարժարանի Հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.