Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայրենի Գեղանկարիչ Աշոտ Յարութիւնեանի Գեղանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

April 12, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 22 իւղաներկ պաստառներ, 9 «միքստ միտիա» թուղթի վրայ եւ 2 տախտակ դուռեր` վրան գծագրուած:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ արուեստը կատարեալին ձգտումը ունենալով հանդերձ, ունի յաջողութեան գերագոյն գաղտնիք մը, որուն հաւատարիմ մնալը  դժուար ճիգ ու կամք կ՛ենթադրէ, բայց այդ գաղտնիքը նուաճելու համար մարդ պէտք է ըլլայ հանճարեղ ու ինքնավստահ: Ան յայտնեց, որ գեղանկարչութեան մարզին մէջ այդ գաղտնիքը պարզութիւնն ու անկեղծութիւնն է, որ առիթ կու տայ արուեստագէտին ներթափանցելու մարդկային ու բնութեան աշխարհին խորքը` վերծանելու հարազատը եւ թափանցելու մեր էութեան մէջ:

Տաղլեան ըսաւ, թէ Աշոտ Յարութիւնեան սնած ու կազմաւորուած է հայոց աշխարհի հարստութիւններով: Ան իրեն հետ բերած  է հայրենի հարազատ հողին բոյրը, հայկական գիւղի թէկուզ հեռաւոր, բայց ապրող ու կենսաշող մթնոլորտը: Ան կը ներկայացնէ հայկական գիւղի լռութիւնն ու ջինջ երկինքը, մեզի կը ներկայացնէ նաեւ մեր գրաւեալ հողերու երազը` զայն փորագրելով մեր սրտերուն մէջ:

«Իր գործին նկատմամբ յատուկ գուրգուրանքով ու արուեստասէրին նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ յարգանքով, նկարագիրով, որքան համեստ նոյնքան խորքային Աշոտ Յարութիւնեան, ահաւասիկ իր պաստառներով կը խօսի, կը համակէ ու կը պարուրէ մեզ յաւելեալ հայկականութեամբ ու կենսալից թռիչքով», հաստատեց Տաղլեան` աւելցնելով, որ ան մարդկայինը եւ ազգայինը իրարու հետ հարազատօրէն շաղախած հարուստ համակցութիւն մը կ՛ապրեցնէ իր պաստառներով, կը փորձէ անցեալը կամրջել ներկային ու նայիլ միշտ դէպի հեռուն, դէպի լուսաշող ապագան, դէպի մեր ամբողջական հայրենիքը:

Աշոտ Յարութիւնեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ շատ ուրախ եւ յուզուած է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ կը ներկայացնէ իր գործերը: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց  Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին, յատկապէս  ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որոնք իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 27 ապրիլ 2019, եւ բաց է առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք` Թիւ 2. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Թոքերու Քաղցկեղ» Նիւթը

Յաջորդը

Մամլոյ 150-րդ Լսարան. «Յակոբ Օշականի Փոքր Արձակը» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.