Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 150-րդ Լսարան. «Յակոբ Օշականի Փոքր Արձակը» Նիւթով Դասախօսութիւն

April 12, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի,  11 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 150-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Յակոբ Օշականի փոքր արձակը»: Նիւթը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեան:

Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ իր խօսքը սկսաւ նշելով, թէ այս լսարանը արդէն «Ազդակ»-ի 150-րդ լսարանն է: Ան ակնարկով մը վերյիշեց «Ազդակ»-ի 150 լսարաններուն նիւթերը, որոնք շօշափեցին եւ քննարկումի առարկայ դարձուցին մեր հայկական կեանքը յուզող իւրաքանչիւր հարց: Ան ընդգծեց անցնող 150 լսարաններուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոր դասախօսները եւ ներկաները առիթը ունեցան միտքերու աշխուժ փոխանակում կատարելու: Ժագ Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ իրենց փափաքն է, որ այս հարթակը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան մտաւորական կեանքի շարժիչ գործօններէն մէկը:

Օրուան դասախօս Մարինէ Ղազարեան ողջունելէ ետք ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են իրեն այսպիսի գործի մը իրագործման մէջ: Ան նշեց, որ «Յակոբ Օշականի փոքր արձակ»-ը զեկուցումին նիւթը նուիրուած է Յակոբ Օշականի մօտ հոգեւորի եւ բնազդայինի միացումին` շեշտելով, թէ ինք կ՛ուսումնասիրէ ոչ թէ Յակոբ Օշականի վէպերը, այլ` անոր վիպակները եւ պատմուածքները: Ղազարեան նշեց, որ հայ մեծանուն գրագէտ եւ քննադատ Յակոբ Օշականի արուեստը ունի կեանքի լայն ընդգրկում եւ գեղագիտական սկզբունքներ, որոնք հիմնուած են այն գաղափարին վրայ, թէ գրել կը նշանակէ կեանք հիւսել:

Օրուան բանախօսը յայտնեց, որ իր նպատակն է Յակոբ Օշականի գործերէն նորութիւն ի յայտ բերել: Ան նշեց, որ բազմաթիւ գրականագէտներ անդրադարձած են Օշականի ստեղծագործութեան, սակայն շարք մը վիպակներ եւ առանձին գործեր տակաւին կը մնան ստուերի մէջ: Ան նկատել տուաւ, թէ իր նպատակն է ուսումնասիրել դեռահաս հերոսներու սեռական հոգեբանութիւնը, որ պարզօրէն նշուած է Օշականի գործերուն մէջ: Մարինէ Ղազարեանի ուսումնասիրութիւնը  հիմնուած է Օշականի «Երբ պատանի են» վիպակի ուսումնասիրութեան վրայ, որմէ ետք ան իր ընդհանրացումները կատարած է «Ծակ պտուկ» վէպի հիման վրայ:

Մարինէ Ղազարեան նշեց, որ Օշականի գործերուն մէջ նկատելի է փիլիսոփայական-հոգեբանական հոսանքի գաղափարաբանութիւնը: Ան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Յակոբ Օշականի գրութիւնները հիմնուած են պատանիներու զգացումներուն վրայ` կեդրոնանալով յատկապէս անոնց ներաշխարհին վրայ: Ղազարեան հաստատեց, որ Օշականի խօսքերը ընդհանրապէս հիմնուած են պատանիներու ներաշխարհին վրայ, որովհետեւ ինք մօտաւորապէս 50 տարի աշխատած է իբրեւ պատանիներու ուսուցիչ, եւ հետեւաբար պատանիներուն հետ ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է:

Ղազարեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ Յակոբ Օշական կու գայ փաստելու, որ  հայ գրականութիւնը եւրոպական գրականութեան հետ զուգահեռ կը քալէ եւ նոյնիսկ անկէ առջեւ: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ թէկուզ Յակոբ Օշականի գրականութիւնը 100 տարուան պատմութիւն ունի, սակայն անոր շօշափած բոլոր խնդիրները կը յատկանշեն մեր ներկայ այժմէական խնդիրները, որոնց միջոցով կարելի է թափանցել պատանիի մը ներաշխարհը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայրենի Գեղանկարիչ Աշոտ Յարութիւնեանի Գեղանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Կոչը Ուղղուած Կառավարութեան` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.