Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործարարութեան Եւ Ելեւմտական Խորհրդաժողով

April 10, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կազմակերպութեամբ «Քոնֆեքս ինթըրնեշընըլ»-ի եւ գործակցութեամբ Կեդրոնական դրամատան, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գործարարութեան եւ ելեւմտական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին խօսքեր առին մեծ թիւով նախարարներ:

Վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ատել Աֆիունի այս առիթով շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին կատարած  բարեկարգումի իր խոստումները գործադրելու` աւելցնելով, որ այդ նախանձախնդրութեան առաջին քայլը կը նկատուի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը, որուն պիտի յաջորդէ պետական ամավարկի վաւերացումը:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ուրախութիւն յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ներառուած է ուժային նախարարութիւններուն շարքին, եւ կոչ ուղղեց պետութեան ու խորհրդաժողովներուն զբօսաշրջութեան մարզին բաւարար կարողութիւններ յատկացնելու:

Նախարար Կիտանեան պահանջեց վերացնել արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան արգելք հանդիսացող խոչընդոտները` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շատ մը երկիրներէ եւ մայրաքաղաքներէ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Այս առումով ան ըսաւ, որ Մեծն Բրիտանիա բեկանած է իր զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումը, իսկ Ֆրանսա տակաւին կը սերտէ այդ քայլին դիմելու կարելիութիւնները:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած տնտեսական աճը աշխատանքի առիթներ կը ստեղծէ եւ երկրին տնտեսական իրավիճակը կը բարելաւէ: «Ասիկա կը փաստուի այն իրականութեամբ, որ Լիբանանի բոլոր պանդոկներուն սենեակները լրիւ ապահովուած են զբօսաշրջիկներուն կողմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ամավերջին այս մասին յստակ թիւեր պիտի ներկայացնէ, որովհետեւ ինք կը հաւատայ շօշափելի փաստերու` թիւերու:

Ան աւելցուց, որ հակառակ իր հասցէին արձանագրուած քննադատութիւններուն, ինք հպարտ կը զգայ իր աշխատանքով, որովհետեւ երկրին զբօսաշրջութեան մարզը ճիշդ հունի մէջ զետեղած է:

«Եթէ զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժ ըլլայ, ապա ան երկրին տարեկան 8 միլիառ տոլարի մուտք մը պիտի կարենայ ապահովել, ինչպէս էր պարագան 2010-ին», շեշտեց ան:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց վաւերացնելու յանդուգն եւ հաւասարակշռուած պետական ամավարկ մը:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան հաստատեց, որ պէտք է բոլոր խոստումները կատարել եւ ճիգ չխնայել` արժանանալու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին խոստացուած գումարներուն, այլապէս` Լիբանան հսկայ առիթ մը կորսնցուցած պիտի ըլլայ:

Նախորդը

Պասիլ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը Եւ Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը

Յաջորդը

Հարիրի Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.