Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Պաշտօնազրկած Է Միացեալ Նահանգներու Գաղտնի Ծառայութեան Ղեկավարը

April 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնազրկած է Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան ղեկավար Ռենտոլֆ Ալլեսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով նախագահի վարչակազմի աղբիւրներուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան անձնակազմի ղեկավարի պաշտօնակատարին յանձնարարած է ձեւակերպել Ալլեսի պաշտօնազրկման դիմումը, սակայն վերջինս տակաւին կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները:

Աւելի ուշ Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սառա Սանտըրս պաշտօնապէս հաստատած է տեղեկութիւնը:

Ան նշած է, թէ Թրամփ շնորհակալ է Ալլեսին երկրին մատուցած աւելի քան 40 տարուան ծառայութեան համար, եւ որ գաղտնի ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ զինք պիտի փոխարինէ Ճէյմս Միւրրէյը:

Անոր պաշտօնազրկման պատճառը յայտնի չէ, սակայն «Սի.Էն.Էն.» կ՛ենթադրէ, որ ատիկա կրնայ առնչուած ըլլալ վերջերս տեղի ունեցած այն դէպքին, երբ Թրամփի` Ֆլորիտա նահանգի Մար-ա-Լաքօ նստավայրի տարածք ապօրինի կերպով ներխուժած, չինական երկու անձնագիր եւ «վնասակար» ծրագրային ապահովմամբ կրիչ ունեցող կին մը ձերբակալած էին:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահը պաշտօնազրկած էր ներքին գործոց նախարար Քրիսթըն Նիլսընը, որ պէտք է այսօր պաշտօնէն հեռանայ:

Ռենտոլֆ Ալլես Գաղտնի ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնը կը վարէ ապրիլ 2017-էն ի վեր: Այդ ծառայութեան պարտականութիւնն է նախագահի անվտանգութեան ապահովումը:

 

Նախորդը

Հերի Նաճարեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արգիլած Է Խաշոկճիի Սպանութեան Մեղսակից 16 Անձերու Մուտքը Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.