Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Փութին¬Էրտողան Հանդիպում

April 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ներառեալ Սուրիոյ մէջ, ռուս-թրքական գործակցութեան կարեւոր մէկ մասն է` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որ պիտի գումարուի բարձր մակարդակի վրայ, այս առումով մեծ կարեւորութիւն ունի:

«Մեր գործակցութեան կարեւոր մէկ այլ բաժինը պայքարն է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, որոնք մեր շրջանին համար վտանգ կը ներկայացնեն», աւելցուց Էրտողան` նշելով. «Ատիկա մասնաւորաբար կը վերաբերի այն քայլերուն, որոնք իրողապէս առինք սուրիական թղթածրարին նկատմամբ»:

Փութին իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիան ու Թուրքիան կը շարունակեն համակարգուած քայլեր առնել Սուրիոյ մէջ կացութեան երկարատեւ լուծման համար:

«Ռուսիան ու Թուրքիան` իբրեւ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւորներ, կը շարունակեն միացեալ աշխուժ ջանքերը այդ երկրին մէջ կացութեան երկարատեւ բարելաւման համար», աւելցուց ան:

Փութին նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուան ու Անգարան, Սուրիոյ ներքին քաղաքական հոլովոյթի ամրապնդման ծիրին մէջ, մասնաւորաբար սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստման յանձնախումբի արագ կազմութեան համար իրենց քայլերը կը համակարգեն:

Նշենք, որ Էրտողան Մոսկուա ուղղուելէ առաջ յայտարարած էր, թէ մտադիր է իր ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկել Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան պատրաստութիւնները:

Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ իր կարգին յայտնած էր, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն դէմ զինուորական գործողութիւնը սկզբունքով կարելի է, սակայն խաղաղ լուծումը տակաւին իրագործելի կը մնայ:

 

Նախորդը

Թրամփ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Հռչակեց. Թեհրան Հակադարձեց

Յաջորդը

Ռուսիա Արգիլեց Ապահովութեան Խորհուրդի` Զօր. Հաֆթարի Ուժերը Դատապարտող Հաղորդագրութեան Հրապարակումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.