Վենեզուելայի Սահմանադիր ժողովը երկրի խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտոն զրկեց անձեռնմխելիութենէ:
Ժողովի նախագահ Տիոստատօ Քապիլօ յայտարարեց, թէ Սահմանադիր ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկած է ի նպաստ Կուայտոյի դէմ Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանին մօտ դատական հայցի շարունակումը արտօնելու:
Ընդդիմութեան ղեկավարը յայտնեց, որ այն մտավախութիւնը ունի, թէ յառաջիկայ օրերուն կրնայ ձերբակալուիլ: Ան մերժեց զինք անձեռնմխելիութենէ զրկելու քայլը, ձերբակալման նկատմամբ մտավախութիւն յայտնեց` կառավարութիւնը ամբաստանելով իրենց իրաւունքները պահանջող քաղաքայինները բռնաճնշումի ենթարկելու յանցանքով:
Յիշեցնենք, որ վենեզուելական իշխանութիւնները 29 մարտին ընդդիմադիր ղեկավար Խուան Կուայտոն զրկած էին խորհրդարանի նախագահի պաշտօնէն:
Վենեզուելական «Թելէ Սուր» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն վենեզուելական ընդդիմութեան` երկրին իշխանութիւնը գրաւելու ծրագիրը:
Կայանը նշեց, որ Կուայտոն կարճ ժամանակ առաջ խօսած էր Սպիտակ տան աջակցութեամբ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի կառավարութիւնը տապալելու «ազատագրումը» գործողութեան ծիրին մէջ իր համակիրներուն կատարելիք «մարտավարական քայլերուն» մասին:



