«Ֆրանս ֆութպոլ»-ի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներուն առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահը` Լիոնել Մեսսի, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ 130 միլիոն եւրօ:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (113 միլիոն եւրօ):
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար (91,5 միլիոն եւրօ):
Առաջին հնգեակին մէջ են նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզման (44 միլիոն եւրօ) եւ Ռէալ Մատրիտի Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ (40,2 միլիոն եւրօ):
Աշխատավարձքէն բացի այդ գումարին մէջ առնուած են նաեւ յաւելավճարները եւ հովանաւոր ընկերութիւններու վճարումները:



