
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Էտըմզ ողջունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու Լիբանանի կառավարութեան որոշումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները սերտելու մօտեցումը:
Էտըմզ նկատել տուաւ, որ քանատական իշխանութիւնները կ՛ուսումնասիրեն քանատական քաղաքացիութեան դիմած այն անհատներուն թղթածրարները, որոնք դիմելով հանդերձ քաղաքացիութեան, Քանատայի մէջ չեն ապրիր: Ան նկատել տուաւ, որ այդ հետաքննութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք զրկել քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքէն:
Էտըմզ յայտնեց, որ այս իմաստով կան 2100 քաղաքացիներ, որոնք կը պատկանին 100 երկիրներու, որոնց շարքին է նաեւ Լիբանանը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ, որուն հետ քննարկեց դիւանագիտական անձնակազմի նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղան երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որոնք վարչապետին հետ քննարկեցին Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:


