Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Պահանջատիրութեան Երթը Անվկանդ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

March 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նուիրահաւաքի Առիթով)

«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի ետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար` դարձեալ դաշնակցականներն են շարժելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման` լինի նա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն, որպէսզի գործը քալէ»:

ԱՐՇԱԿ ՋԱՄԱԼԵԱՆ
Ա. Հանրապետութեան հաղորդակցութեան  նախարար

Քանատայի հայ համայնքին համար անծանօթ չեն աւելի քան կէս դար ժամանակահատուածի վրայ երկարող ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին արձանագրած իրագործումները: Յանձնախումբի առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սատարման գծով դիւանագիտական բազմաբնոյթ աշխատանքները…

2006 թուականի ապրիլ 25-էն ի վեր Օթթաուայի մէջ ներկայութիւն է Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբիՆ գրասենեակը, որ իբրեւ Հայ դատի աշխատանքներու գործադիր կեդրոն` Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Պրիւքսէլի, Պէյրութի եւ Երեւանի գրասենեակներուն հետ զուգահեռ` կը կատարէ իր յանձնակատարութիւնը:

Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 13 տարիէ ի վեր, որպէս ազդեցիկ կեդրոն, կը գործէ տեղեկատուական եւ յարաբերական բնագաւառներէն ներս:

Քանատայի մէջ, շնորհիւ Հայ դատի յանձնախումբին ի գործ դրած երկարամեայ մաքառումներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ քանատական ծերակոյտն ու խորհրդարանը ընդունած են ցեղասպանութիւնը հաստատող եւ ճանչցող բանաձեւեր, իսկ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ, 2006 ապրիլ 21-ին վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կատարած յայտարարութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Քանատայի պետական քաղաքականութեան անբաժանելի մասնիկ է:

2018 նոյեմբեր 24-ին Վանքուվըրի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբին 2019 թուականի համաքանատական նուիրահաւաքին, որուն ընթացքին Պրիթիշ Քոլոմպիոյ հայութիւնը, հաւատարիմ` անցեալի իր աւանդին, 62 հազար տոլար հանգանակեց ի նպաստ յանձնախումբին ազգանուէր առաքելութեան: Հայ դատի ուխտապահ համակիրներուն բանակը եկաւ հաստատելու, որ ազգային մեր իղձերու, քաղաքական նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման համար քանատահայութիւնը կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ եւ հաւատարիմ է Հայ դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին:

Վստահաբար Թորոնթոյի, Մոնրէալի եւ Քանատայի հայ համայնքի միւս ոստաններուն մէջ կայանալիք նուիրահաւաքներուն ընթացքին մեր հայրենակիցները իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւ պիտի անսան Հայ դատի կոչին:

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Հայ դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ քաղաքական քարոզչութեան հարթակի վրայ այդ անվտանգութեան ընթերակայ երաշխաւորը աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են: Աշխարհագրական մէկ ու ամբողջական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ ապրելու տեսլականով, Հայ դատի յանձնախումբերը իրենց գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն հայրենակերտման առաքելութիւնը:

Նախորդը

«Համակարգչի Վնասակար Ազդեցութիւնը»

Յաջորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Հոգեւորականները` Դպրեվանքին Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.