Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարան. Լուսանկարչութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ

March 27, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-րդ շաբաթն ըլլալով, ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին շարունակուեցաւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչութեան դասընթացքը, որուն նպատակն է ծուխերուն մէջ ունենալ լուսանկարչական հմտութիւններ ունեցող անհատներ: Ծրագիրի դասատուն է Նժդեհ Մկրտիչեան:

Յայտնենք, որ ծրագիրի անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հաւաքին, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց լուսանկարչական դասընթացքին կարեւորութիւնը եւ անոր երկամսեայ ընթացքին մանրամասնութիւնները:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, թէ տեղեկատուական-քարոզչական արդի պայմաններուն մէջ արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի եկեղեցւոյ պատգամը հասանելի դառնայ ժողովուրդին: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ լուսանկարներու ընդմէջէն երիտասարդութեան պէտք է փոխանցուի մեր առաքելութիւնը` օգտագործելով դարու հասանելի բոլոր միջոցները, ներառեալ` ընկերային ցանցերը: Նարեկ արքեպիսկոպոս աւելցուց, որ այս դասընթացքը ինքնանպատակ չէ, այլ կը միտի պատրաստուած անհատներով եկեղեցիներուն մէջ ծաւալել համապատասխան գործունէութիւն:

Նշենք, որ ծրագիրը ունի տեսական եւ գործնական բաժին: Երկրորդ բաժինով մասնակից 20 անհատները մօտէն պիտի ծանօթանան լուսանկարչական գործիքին, սորվին համակարգչային ձեւաւորման կարգ մը գիտելիքներ եւ իրականացնեն հաւաքական փորձառութիւններու ձեռքբերման նպաստող փորձ-աշխատանքներ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Տօներ Սահմանելուց Առաջ Արժէ Մի Փոքր Մտածել

Յաջորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Միջեկեղեցական Երիտասարդաց Համագումարին Մասնակիցները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.