Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Փոխադարձ Գործակցութեան Լայն Շրջանակի Քննարկում

March 20, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան  ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու ընդհանուր տնօրինութեան արեւելեան դրացնութեան հարցերով տնօրէն Լորենս Մերետիթը:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի վարչապետի` վերջերս Եւրոպական Միութեան կառոյցներ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բարձրաստիճան յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ այցելութիւնները կը վկայեն Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան բարձր մակարդակին մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած բարեփոխումներու եւ զարգացման օրակարգի կեանքի կոչման հոլովոյթի շրջագիծին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ հետեւողականօրէն զարգացող փոխադարձ գործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, իսկ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեան իր կարգին վերահաստատեց անոնց շարունակականութեան ապահովման պատրաստակամութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութեան միջեւ ոլորտային համագործակցութեան, յատկապէս` Հայաստանի թուային օրակարգի զարգացման հեռանկարները եւ այդ ծիրին մէջ այս տարուան հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման ճամբու քարտէսի նախագիծին եւ անոր շուրջ կառավարութիւն-քաղաքացիական հասարակութիւն խորհրդակցութիւններու կազմակերպման:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեան նաեւ միտքեր փոխանակեցին Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակի տօնակատարութեան ծրագիրներու եւ այս յոբելեանի նշանաւորման նպատակով Հայաստանի կողմէ հիւրընկալուելիք ձեռնարկին առնչուող հարցերու շուրջ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Տեղակայած Է

Յաջորդը

Բալայեան. «Անկախ Պետութիւն Չենք Հռչակած, Որպէսզի Ըլլանք Այլ Պետութեան Հոգատարութեան Ներքեւ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.