ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած միօրեայ խմբապետական դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 մարտ 2019 -ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ»-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Սեմինարը ընթացք առաւ լիբանանեան, հայաստանեան եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական քայլերգներով` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Յակոբ Չպլաքեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանի անդամներ Հայկ Թապաքեանի եւ Սիլվա Սաղըրեանի, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան եւ սկաուտական խորհուրդի անդամներու, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի անդամներուն:
Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Այնճարի եւ ժտէյտէի մասնաճիւղերէն 90 խմբապետներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն սեմինարին:
Առաջին բաժինով, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ յուշանուէրներ ստացաւ Լիւսի Պերքիւպէօյիւքեան` առ ի գնահատանք ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան եւ Լիբանանի ֆետերասիոնին մէջ տարած իր աշխուժ ու ժրաջան աշխատանքին:
Դաստիարակչական սեմինարին առաջին նիւթը ներկայացուց Համաշխարհային սկաուտական կազմակերպութեան գործադիր մարմինի անդամ Սարա-Ռիթա Քաթթան, նիւթ` «Ինչպէ՞ս վնասէն պաշտպանուիլ»:
Ապա Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի խմբապետ Ֆարես Խալիֆէ ներկայացուց «Խմբապետներուն վերաբերմունքը անդամներուն հետ» նիւթը , իսկ ֆետերասիոնի խմբապետ Ճորճ Նիսի` «Սկաուտական շարժման կառոյցն ու տարածումը» նիւթը:
Չորրորդ նիւթը` «ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կառոյցը», ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան:
Ճաշէ ու դադարէ ետք տեղի ունեցան խմբային աշխատանքներ ու ներկայացում, ապա սեմինարին հինգերորդ նիւթը ներկայացուց Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետուհի Թալին Օրտողլեան («Ընդհանրական մեծ բանակումներ պատրաստելու ձեւը»):
Վեցերորդ նիւթը` «ՀՄԸՄ-ի սկաուտ ըլլալու առաւելութիւնները», ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի նախկին ատենապետուհի Ալին Քէչէպաշեան:
Սեմինարի աւարտին մասնակցողներուն յանձնուեցան սեմինարի մասնակցութեան յատուկ հաստատագիրներ:
Սեմինարը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Խմբապետները նոր ու օգտաշատ գիտելիքներ ամբարած վերադարձան իրենց խումբերը` կիրարկելու համար զանոնք սկաուտական աշխատանքներու ընթացքին:




