Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Նեպիլ Նաամանի «Պօղոս Եւ Նունուֆար» Ֆրանսերէն Վէպի Մակագրութիւնը` «Անթուան» Գրախանութին Մէջ

March 18, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Անթուան» գրախանութին, շաբաթ, 16 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-8:00, գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսաբնակ սրտաբան տոքթ. Նեպիլ Նաամանի «Պօղոս եւ Նունուֆար» ֆրանսերէն հատորին մակագրութիւնը:

«Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ հեղինակին հետ, որ նկատել տուաւ, թէ ինք ցարդ հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնցմէ վերջինն է «Պօղոս եւ Նունուֆար»-ը, որ գրած է իր եղբօր գրասենեակին մէջ ծանօթացած երկու հայ անձնաւորութիւններու խնդրանքով: Նաաման բացատրեց, թէ երբ սկսած է մօտէն ծանօթանալ Հայ դատին, որպէսզի կարենայ գրել, որոշած է անպայման ինքն ալ իր կարգին պաշտպանել Հայ դատը եւ ամբողջ աշխարհին ծանօթացնել զայն իր ոճով եւ ձեւով: Ան յայտնեց, որ իբրեւ սրտաբան բնաւ չ՛ուզեր, որ ժողովուրդը ցաւ զգայ, հետեւաբար հետեւելով իր սիրտին, լաւապէս սերտած է Հայ դատը եւ սկսած է գրել «Պօղոս եւ Նունուֆար» վէպը, որ 7 ամիսէ ի վեր հրապարակի վրայ է: Հեղինակը նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ, ուր ինք կ՛ապրի, մեծ ընդունելութիւն գտած է վէպը, եւ մօտ օրէն Մարսէյի մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ անոր մակագրութիւնը:

Նաաման մեծ գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ներկայիս հատորը կը թարգմանուի հայերէնի` լոսանճելըսաբնակ Քարլօ Քէօրօղլեանի կողմէ:

Անդրադառնալով «Պօղոս եւ Նունուֆար» վէպի նիւթին, հեղինակը բացատրեց, որ գիրքը կը խօսի Պօղոս անունով հայ երիտասարդի մը մասին, որ փոքր տարիքէն կը սիրահարուի Նունուֆար անունով ասորի աղջկայ մը հետ: Գիրքը կը պատմէ անոնց կեանքի անցած ուղին, թէ ինչպէ՛ս Ատանայէն կու գան Տէր Զօր, որմէ ետք Ռաքքա, ապա Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ, ուր 1958-ին, երբ կը ծագի յեղափոխութիւնը, կը փախչին Ֆրանսա` Մարսէյ: Հատորին մէջ կը կարդանք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Պօղոս կը տառապի ամէնէն վատ հիւանդութենէն, որն է «Շիզոֆրենիա»-ն, եւ Մարսէյի մէջ կը ծանօթանայ հրեայ բժիշկի մը, որ հիւանդութեան ախտաճանաչումը կ՛ընէ եւ կը թելադրէ ելեկտրական ցնցումի ենթարկուիլ: Պօղոս կը սկսի դարմանումի` միշտ Նունուֆարը ունենալով իր կողքին: Բաւական ժամանակ ետք, երբ կը բարելաւուի Պօղոսի վիճակը, զոյգը կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը հաստատուի եւ կ՛որդեգրէ հայ ընտանիքի մը որբ մնացած զաւակը, որ նաեւ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ կը կրէ Պօղոսի հօր անունը` Վարդան:

«Այս հատորով իմ փափաքս է ամբողջ մարդկութեան հասցնել եւ ծանօթացնել Հայ դատը, որովհետեւ հայ ազգը շատ չարչարուեցաւ, եւ պէտք է թուրք ժողովուրդը ընդունի, որ իր նախնիները ոճրագործութիւն ըրած են», եզրափակեց տոքթ. Նեպիլ Նաաման:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Միօրեայ Դաստիարակչական Սեմինար

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ` Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին Հոգւոյն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.