Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՄԱՆ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏ

December 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցապնդումի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ երէկ լիբանանեան խորհրդարանը հարցապնդեց կառավարութիւնը` օրակարգի վրայ ունենալով վեց հարցումներ:

Կառավարութեան հարցապնդման նիստին ընթացքին տիրող մթնոլորտը լարուած էր, յատկապէս այն իմաստով, որ խորհրդարանի փոքրամասնութիւնը կը փափաքէր նախ թիրախ դարձնել կառավարութիւնը, իսկ երկրորդ` Դիմադրութիւնը:

Այս միտումը յստակօրէն դրսեւորուեցաւ, երբ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ լուսարձակի տակ առաւ Թարշիշի մէջ Դիմադրութեան կողմէ հեռաձայնային ցանցեր հաստատելու հարցը եւ խիստ ցեխարձակումներ կատարեց Դիմադրութեան դէմ` շեշտելով, որ վերջինս  ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնէ:

Այս ամբաստանութիւններուն պատասխանելու նպատակով, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի խորհրդարանի նախագահէն խնդրեց ըստ կարգի միջամտելու արտօնութիւն ստանալ: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կը վայելէ Լիբանանի կառավարութեան շնորհած օրինականութիւնը եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը: «Դիմադրութիւնը կը կատարէ այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ Լիբանանի պահպանումին համար», ըսաւ Մուսաուի:

Մուսաուիի այս խօսքերուն Ժեմայէլ պատասխանեց ըսելով, որ իրենք պաշտպանութիւն պէտք է սպասեն Դիմադրութենէն, որ կը գտնուի Լիբանանի փողոցներուն մէջ եւ ամէնուր:

Այդ պահուն մթնոլորտը փոթորկեցաւ Մուսաուիի ու Ժեմայէլի միջեւ եւ արձակուեցաւ վարկաբեկիչ խօսքեր:

Խորհրդարանի նախագահը միջամտեց եւ հանդարտեցուց մթնոլորտը` շեշտելով, որ ինք Դիմադրութեան հիմնադիրներէն կը նկատուի եւ ընդգծելով, որ այդպէս չէ որ Դիմադրութիւնը կը պաշտպանեն:

Ժեմայէլ խորհրդարանի նիստը կիսատ ձգելով դուրս եկաւ յայտարարելու համար հետեւեալը. «Ով որ կը կարծէ, թէ խորհրդարանը լքուած է կամ ով որ կը կարծէ, թէ կրնայ վախցնել լիբանանցի ժողովուրդը ներկայացնող երեսփոխանները եւ արգիլել զանոնք իրենց տեսակէտներն ու համոզումները ազատ արտայայտելէ, չարաչար կը սխալի: Մենք պիտի շարունակենք մեր կարծիքները արտայայտել եւ պիտի հետեւինք օրէնքին»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Նաուար Սահիլի պատասխանելով Ժեմայէլին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ոչ ոքի կողմէ դասեր ստանալու կարիք ունի:

Սահիլի վերահաստատեց Մուսաուիի կեցուածքը` նշելով, որ Դիմադրութիւնը սահմանադրական օրինականութիւն ունի եւ որդեգրուած է Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն եւ այլոց քաղաքավարութեան դասեր կու տայ:

Խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հարցաքննութեան համար ներկայացուած հարցումները վերածուեցան հարցապնդումի:

Նիստին աւարտին Պըրրի շեշտեց, որ ժողովրդավարութիւնը գեղեցիկ է, սակայն անոր ազատութիւնը իր հոգեկան սնունդն է եւ ոչ թէ նիւթական սնունդը:

Պըրրի դիտել տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ զաւեշտի եղանակով արտասանուեցան որոշ խօսքեր, սակայն անոնք վտանգաւոր էին եւ Աստուած թող բոլորը ներէ: «Մենք մէկ ժողովուրդի պատասխանատու ենք եւ ոչ թէ երկու ժողովուրդներու», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, ըստ նախապէս ճշդուած հանդիպումի մը, Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

Յաջորդը

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ Կ՛ԸԼԼԱՅ, ԵԹԷ ՈՐՈՇ ՀԱՐՑԵՐ ԻՐԵՆՑ ՉԱՓԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։