Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ

March 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 ապրիլ 2019-ին Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք մասնակի ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի կողմէ երկրորդ անգամ ըլլալով առաջադրուած թեկնածու Տիմա Ժամալի յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ Թրիփոլիի բնակչութեան նեցուկ կանգնիլ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` բարելաւելու համար անոնց կենսամակարդակն ու ապրուստը, ինչպէս նաեւ ճիգ պիտի չխնայէ Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու նպատակով:

Ժամալի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով լեցուն արշաւներով չտարուելու` ընդգծելով, որ իրենք բազմիցս շեշտած են, թէ այդ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան պատուաբեր եւ պարկեշտ` առանց յերիւրանքի եւ շինծու հաստատումներով հանրային կարծիքի շեղումի:

Ժամալի շեշտեց, որ ինք կը շարունակէ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն թեկնածու մնալ` վայելելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի ամուր զօրակցութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ Թրիփոլիի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան հարցը վերջնականօրէն չէ յստակացած` սպասելով Թահա Նաժիի որոշումին:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի եղբօրորդին` Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններու թեկնածու Սամեր Քապպարա հաստատեց, որ Տիմա Ժամալին իբրեւ երեսփոխան Թրիփոլիին պարտադրելը մեծ սխալ է: «Ժամալի Թրիփոլիին քաջածանօթ չէ, իսկ եթէ ան Թրիփոլիի համար օրէնսդիր աշխատանք պիտի կատարէ, պէտք է ծանօթ ըլլայ այդ միջավայրին», ըսաւ ան:

Քապպարա ընդգծեց, որ ինք խստիւ կը մերժէ, որ Ժամալի պարտադրուի իրենց վրայ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Ընդգծեց Փտածութեան Դէմ Պայքարին Իմաստով Վճռակամ Ըլլալու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.