Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեան ներկայացուց «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» նոր կատակերգութիւնը:
Սոյն կատակերգութեան նիւթը կը խօսի անցնող տարուան Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն, այլ խօսքով` թաւշեայ յեղափոխութեան մասին, որ բեմականացուած է հաճելի ու սրամիտ ոճով, նաեւ կ՛ուղղէ յատուկ պատգամներ:
Կատակերգութեան դերասանները` Արտակ Մանուկեան, Թամարա Պետրոսեան, Գարիկ Միրզոյեան, Տաթեւ Միրումեան, Թելման Առաքելեան, Սիրանուշ Երիկեան, Կարէն Միրիջանեան եւ Ռուզաննա Մանուչարեան Նարեկ Դուրեանի աշակերտներն են, որոնք ստանձնած են թատերական քուլիսային աշխատանքը, լոյսի եւ ձայնի սարքաւորումը եւ ներկայացման կապուած այլ աշխատանքներ:
Յայտնենք, որ «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» կատակերգութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ կիրակի, 10 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:
Ներկայացման աւելի մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնանք հետագային:



