Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Վարժարաններ. Ուսուցչաց Տօնի Միացեալ Ճաշկերոյթ

March 9, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ Տըպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին առիթով ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու տնօրէնները, տնօրէն խորհուրդները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան ըսաւ. «Պարտէզ մըն է դպրոցը: Ուսումն ու գիտութիւնը` հողը այդ պարտէզին: Ուսուցիչը` պարտիզպան, իսկ ուսանողը` բոյսը, որ կը ծլի ու կը ծաղկի այդ պարտէզին մէջ»` աւելցնելով, որ պարտիզպան, ուսուցիչ, դաստիարակ, վարդապետ, պատուելի, երկրորդ ծնողք, եւ այլ տիտղոսներ ժամանակի ընթացքին գործածուած են զատորոշելու համար ուսուցիչը, որ իր կարգին ստանձնած է յաջորդական սերունդներու մտաբարոյական պատրաստութիւնը: Դոկտ. Պողարեան շեշտեց, որ հայ ուսուցիչը այն անձն է, որ իր կեանքը նուիրաբերած է մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան` համբերատարութեամբ եւ անսահման զոհողութեամբ: «Անձ մը, որ ենթադրաբար մասնագիտական պատրաստութեան միացուցած է կոչումն ու ազգային պարտաւորութիւնը, տքնաջան աշխատանքը եւ ծնողական գուրգուրանքը: Անձ մը, որ ո՛չ միայն արժանի է ունենալու Ուսուցչաց տօնը տարին մէկ օր, այլ` վայելելու ազգայիններու անվերապահ յարգանքը ամբողջ տարին եւ աշակերտներու երախտագիտութիւնը կեանքի բոլոր օրերուն», եզրափակեց ան:

Առաջնորդ սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Ամէն անգամ որ կը գտնուինք հայ ուսուցիչներուն հետ, մենք մեզ կը զգանք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ոգեղէն ներկայութեան մէջ»: Նարեկ արքեպիսկոպոս աւելցուց, որ հայ դպրոցը միաժամանակ հայ եկեղեցի է եւ հայ ընտանիք: «Մենք այսօր սոսկ Ուսուցչաց տօն չէ, որ կը տօնենք, այլ` լուսարձակի տակ կը բերենք հայ ուսուցիչը անհատապէս եւ հայ ուսուցիչները հաւաքաբար, որպէս յաւերժական աշակերտները Մեսրոպ Մաշտոցով սկսած մեր միտքի եւ հոգիի լուսաւորութեան առաքելութեան», շեշտեց ան` իր ուրախութիւնը յայտնելով այդ համախմբումին համար, որպէս ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ` շեշտելով, որ այս համախմբումը պարզապէս իրարու հետ ըլլալ եւ սեղաններու շուրջ ուտել եւ խմել չէ, այլ` մեր միտքերու փոխանակումով, մեր զրոյցներու ճամբով իրարու յիշեցնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ դպրոց եւ հայ ուսուցիչ: Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Ուսուցչաց տօնը` նկատել տալով, որ հայ հոգեւորականները եւս ուսուցիչներ են, որովհետեւ կը հետեւին իրենց մեծ վարդապետին` Քրիստոսի օրինակին, եւ հայ հոգեւորականը անցեալին, այսօր եւ բոլոր ժամանակներուն կը մնայ թէ՛ Աստուածաշունչին, եւ թէ՛ այբբենարանին ուսուցիչը:

«Հայ դպրոցի մէջ մենք միայն գիտութիւն չէ, որ կը ջամբենք, այլ` հայ ինքնութիւն, Լիբանանի պարագային Լիբանանի քաղաքացիի եւ լիբանանահայութեան միացեալ ինքնութիւնն է, որ կը փոխանցենք մեզի վստահուած սերունդին: Այս իմաստով հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը սրբազան առաքելութիւն է», հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս` վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր Ուսուցչաց տօն մեր բոլորին համար այս գիտակցութեան, այս պատասխանատուութեան, այս նախանձախնդրութեան եւ այս նուիրումի վերանորոգութեան առիթ է: «Վստահ եմ, որ ձեր նուիրումը ո՛չ միայն ազգային առաջնորդարանին, Ազգային իշխանութեան, Ուսումնական խորհուրդին եւ մեր բոլոր պատասխանատուներուն կողմէ բարձր գնահատանքի արժանի է, այլեւ` վստահ եղէք, որ մենք զիրար կ՛ըմբռնենք որպէս նոյն անդաստանի մէջ գործակիցներ` իւրաքանչիւրս իր պատասխանատուութեան ճամբով, բայց նոյն գիտակցութեամբ եւ լրջութեամբ:  Ապրի՛ հայ ուսուցիչը, որպէսզի իրմով ապրեցնէ հայ դպրոցը եւ հայ ընտանիքը», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Ճաշկերոյթին գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ երգիչներ Վիգէն Տիշչէքէնեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Արարատ Ահարոնեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ուսումնական խորհուրդի քարտուղար Մարալ Մխսեան:

 

Նախորդը

Հայ Դաստիարակին Ամէնօրեայ «Աղօթք»-ը

Յաջորդը

«Շէնքում Իրավիճակ Ա Փոխուել» Կատակերգութիւնը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.