Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վիլնիուս, վնասուածքի պատճառով իր կազմէն պիտի բացակայի 2 ամիսով, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս տեղեկութիւնը աւելի յստակացաւ երէկ, երբ բժիշկները այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեցին: Ան վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ, Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»):
18 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ ամառ Ֆլամենկոյէն (Պրազիլ) միացաւ Ռէալ Մատրիտին` փոխան 61 միլիոն եւրոյի: Ան 28 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ:



