Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չէ՞ Որ Աստուած Կը Սիրէ Մեզ…

March 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՔԷՉԷՃԵԱՆ

14 փետրուար 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վաւերացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրը: Ծրագիրը վաւերացուեցաւ քուէարկութենէ մը ետք, որուն արդիւնքն էր 82 թեր եւ 37 դէմ:

«Տնտեսական յեղափոխութիւնը սկսած է», յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փետրուար 12-ին կայացած Ազգային ժողովի նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ: Հարկ է յիշել, որ Ազգային ժողովը 3 օր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման նիստեր գումարեց: Ծրագիրը, որ կը բաղկանայ 70 էջերէ, արծարծուեցաւ ներկայ 132 պատգամաւորներէն 50-ին կողմէ, որոնք զանազան հարցեր ուղղեցին եւ մտահոգութիւններ յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին:

Ծրագիրը կը բաղկանայ 8 բաժիններէ, զորս կառավարութիւնը պիտի ջանայ իրագործել յաջորդող 5 տարիներուն ընթացքին: Ստորեւ ամփոփ կերպով կը ծանօթանանք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրի հիմնական կէտերուն.

 

1.- Տնտեսական

ա.- Կառավարութիւնը մինչեւ 2023 թուական պիտի ջանայ ձերբազատիլ ծանր աղքատութեան պարագաներէն (ներկայիս բնակչութեան 29,4 առ հարիւրը կը գտնուի աղքատութեան գօտիին վրայ եւ անկէ վար):

բ.- Կառավարութիւնը նախատեսած է նուազագոյնը 5 առ հարիւր տնտեսական տարեկան աճ արձանագրել յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին:

գ.- Կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ տնտեսական համակարգը բարեփոխելու գործընթացին վրայ` մասնաւորապէս  բարձրացնելով մրցակցութիւնն ու մասնակցութիւնը տնտեսութեան մէջ. այսպիսով, ան առիթ պիտի ընծայէ, որ նոր «խաղացող»-ներ մուտք գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական շուկայ եւ նուազեցնեն անգործութեան տոկոսը:

դ.- Կառավարութիւնը թիրախ առած է մինչեւ 2024 թուական արտածման տոկոսը հասցնելու 43-45 առ հարիւր` ընդդէմ համախառն ներքին արտադրութեան:

ե.- Փոքր տնտեսական ընկերութիւնները, որոնց տարեկան առեւտրական գործառնութիւնը 24 միլիոն դրամէն ( 50.000 տոլար) նուազ է, ազատ կացուցուին կարգ մը տուրքերէ:

զ.- Կառավարութիւնը պիտի ջանայ, որ մինչեւ 2022 թուական երկրին ընդհանուր ելեկտրական արտադրութեան նուազագոյնը 10 առ հարիւրը ըլլայ արեգակնային ուժի արդիւնք:

է.- Պետական պաշտօնեաներու ամսականներու յաւելումը նաեւ նկատի առնուած է:

2.- Արտաքին քաղաքականութիւն

ա.- Արցախի օրակարգի վերաբերեալ, ծրագիրը կը նշէ, որ Արցախի պետական ներկայացուցիչները պէտք է վերադառնան բանակցութեան սեղան: Վարչապետ Փաշինեանը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած է, որ այս մէկը անհրաժեշտ է` նկատի առնելով, որ ինք չի կրնար ներկայացնել Արցախը բանակցութեանց ընթացքին, որովհետեւ ինք Արցախի ժողովուրդին կողմէ չէ ընտրուած:

բ.- Կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն նաեւ կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը:

գ.- Կառավարութիւնը նաեւ մտադիր է իր յարաբերութիւնները զօրացնել Ռուսիոյ եւ այլ Եւրասիական եւ ԵԱՀԿ  երկիրներու հետ:

դ.- Կառավարութեան ծրագիրին մէջ են նաեւ Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Չինաստանի եւ Վրաստանի հետ կապերու ամրապնդումը:

3.- Պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն

ա.- Կառավարութեան ծրագիրէն մեծ բաժին մը տրամադրուած է այս օրակարգին: Ծրագիրին մէջ կը յիշուի նոր եւ արդիական զինամթերքի ձեռքբերումը, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ռազմական օդային տորմիղի զօրացումը ու նաեւ` հակաօդային պաշտպանողական սարքերու արդիականացումը:

4.- Փտածութեան դէմ պայքար

ա.- Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ արդէն իսկ սկսած պայքարը:

բ.- Կառավարութիւնը առաջարկած է յատուկ դատական մարմինի մը ստեղծումը` փտածութեան դէմ պայքարին համար:

գ.- Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ապահով կողոպտուած պետական գումարներու վերադարձը:

դ.- Կառավարութիւնը պիտի պայքարի անօրէն ձեւերով դրամագլուխի «արտագաղթը» կասեցնելու համար:

Կառավարութեան այս ծրագիրը բաւական բարդ բանավէճեր ստեղծեց Ազգային ժողովի նիստերուն ընթացքին: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը յայտարարած է, որ կան որոշ կէտեր, որոնք դրական տպաւորութիւն կը ձգեն քաղաքացիներուն վրայ, սակայն ներկայացուած ծրագիրը տնտեսական յեղափոխութիւն չի սեպուիր:

«Իմ քայլը»  դաշինքի պատգամաւոր եւ Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Բաբգէն Թունեանը ընդունած է, որ  ծրագիրը հաստատ ձեւերով չէ ներկայացուած, ինչ  կը վերաբերի տնտեսական ցուցանիշներու, սակայն ան պնդած է, որ ժողովուրդն է միակ դատախազը, որ հինգ տարիներ ետք պիտի որոշէ, թէ ծրագիրը լաւապէս իրագործուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Ծրագիրը մանրամասնօրէն գրուած է, սակայն հարկ է յիշել, որ որոշ կէտեր նախկին ծրագիրէն ընդօրինակուած կը թուին, ինչպէս` 5 առ հարիւր տարեկան տնտեսական աճի պարագան: Այլ տեղ ծրագիրը մեծ վերնագիրներ արձանագրած է, սակայն ո՛չ ժամկէտներ յիշուած են, ո՛չ ալ` նախատեսուած տոկոսներ կամ այլ ցուցանիշներ` օրինակ, ծրագիրը կ՛ըսէ, որ պիտի ջանայ ձերբազատիլ ծանր աղքատութեան պարագաներէն, որոնք ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան մօտաւոր 30 առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Այլ տարօրինակութիւն մըն է վարչապետ Փաշինեանին պատասխանը, երբ կը հարցուի տնտեսական ցուցանիշներու անյստակութեան կամ չէզոքացնելու մասին, ան կը պատասխանէ` ըսելով, որ տնտեսական թիւերը տարածուած են Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ` աւելցնելով, թէ կախում ունի քանի՛ քաղաքացի պիտի ըլլայ տնտեսական «գործիչ»:

Տնտեսական իմաստով, բաւական անյստակ ծրագիր մըն է, որ կ՛ընդգրկէ հսկայ վերնագիրներ` մասամբ ըլլալով անգործնական: Այս կառավարութիւնը ունի հինգ տարի` իրագործելու այս ծրագիրը, սպասենք, մնանք յոյսով, որ այս բոլոր ծրագիրները պիտի իրագործուին: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ չդառնայ  գորդեան հանգոյց մը…  Չէ՞ որ Աստուած կը սիրէ մեզ…

 

 

Նախորդը

1988-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Սարսափելի Բնական Աղէտին 30-ամեակը

Յաջորդը

Հարցազրոյց Յակոբ Աբրահամեանին Եւ Ռոպեր Գայսէրեանին Հետ` Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.