Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անպտուղ Վարժանք

March 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Բոլոր անոնք, որոնք տուրք տուին Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն դուրս դնելու հերթական փորձութեան, ամէն օր իրենց նախատեսութեան անհեթեթութեան վկան պիտի դառնան:

Սոսկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ կառուցելով իրենց «մարգարէութիւն»-ը` այս ճամբարի վերլուծողներն ու քաղաքագէտները արդէն իսկ անդրադարձած պէտք է ըլլան, որ բաւական անտեղեակ են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպական հնարաւորութիւններէն, անոր կենսունակութենէն, անոր համազգային իւրայատկութենէն, անոր կառոյցի դիմադրականութենէն:

Յամենայն դէպս Ազգային ժողովի ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս յաջորդող օրերուն, Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին, մամուլին մէջ հրապարակուած ամէնօրեայ բազմաթիւ եւ տարաբնոյթ ակնարկները արդէն պէտք էր ապացոյց նկատուէին այս կազմակերպութեան ուժին եւ ազդեցութեան:

Ընդհանուր ժողովէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ցուցաբերած աշխուժ յարաբերական գործունէութիւնը, Գերագոյն մարմինին ստեղծած մասնագիտական յանձնախումբերուն կողմէ կառավարութեան ծրագիրի քննական վերլուծումները եւ նոյն ծրագիրին` անոնց բարելաւման ուղղութեամբ կատարուած առաջարկները կը թելադրեն արդէն իսկ մշակուած արտախորհրդարանական նկատելի ներկայութիւն եւ լուրջ քաղաքական դերակատարութիւն ունենալու մշակուած ծրագիրի մը առկայութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումը, զոյգ վեհափառներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները եւ, տակաւին, նոր` խորհրդարանական ընդդիմութեան դրօշ պարզած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումը վաւերական վկայութիւններ են համահայկական օրակարգին մէջ նշանակալի ներդրում ունենալու Դաշնակցութեան կարողութեան:

Այդ կարողութիւնը աւելի կը շեշտուի կուսակցութեան սփիւռքեան կառոյցի բոլոր օղակներու ամէնօրեայ` հայապահպանումէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական բազմաճակատ գործունէութեամբ:

Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը նսեմացնելու անպտուղ վարժանքէն հրաժարիլը, մեր համոզումով, միայն կ՛օգնէ մեր ժողովուրդին ու պետութեան:

 

 

Նախորդը

Սլաք. Ալապամա. Բնական Եւ Մարդակերտ Աղէտներ

Յաջորդը

Պէտք Չէ Լռել Ի Տես Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Երեւոյթին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.