Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոխորհրդարանին Մէջ «Հայատեացութիւն. Պատմական Եւ Արդի Դրսեւորումները» Խորագիրով Համաժողով Տեղի Կ՛ունենայ. Ներկայ Կ՛ըլլայ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը

March 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 6-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով համաժողովը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի  գրասենեակի եւ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ:

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը «Երկիր» կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ համաժողովի գլխաւոր զեկուցողներն են` թուրք պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան պաշտպան Ռակըփ Զարաքոլուն, որ թրքական իշխանութիւններու կողմէ բազմիցս հալածուած է այդ պատճառով, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը, լրագրող, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը, որ Արցախ այցելելու պատճառով ձերբակալուած էր ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ, եւ լեհ հայագէտ Եակուպ Օշիեցկին:

«Գիտաժողովի ընթացքին կը ներկայացուին հայատեացութեան պատմական եւ արդի դրսեւորումները, կը քննարկուին այս երեւոյթին դէմ պայքարի տարբեր ձեւերն ու միջոցները: Ուշ կամ կանուխ արցախեան հիմնախնդիրին եւ Թուրքիոյ հետ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքական լուծում կ՛առաջարկուի, եւ տարածաշրջանի բոլոր հասարակութիւնները  իրարու հետ պէտք է ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ: Այսօր Ազրպէյճանի ժողովուրդը պատրաստ չէ ատոր, քանի որ հայերու նկատմամբ ատելութիւնը փոքր տարիքէն կը սերմանուի: Մեր նպատակներէն մէկն է նաեւ` ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը այս երեւոյթի դէմ պայքարին եւ ապագային զայն կասեցնելու համար», նշեց Շիրինեանը:

Շիրինեանը յայտնեց, որ համաժողովի հիմնական զեկուցողներէն են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը եւ նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը: «Անոնք կը ներկայացնեն ամբողջութեամբ փաստերու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ: Ներկաները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ծանօթանալու 2018 թուականի սեպտեմբերին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ հրապարակուած` հայատեացութեան վերաբերեալ զեկոյցի բովանդակութեան: Անկէ բացի` պիտի ներկայացուին ապրիլեան պատերազմի ժամանակ արձանագրուած հայատեացութեան դրսեւորումները»,  աւելցուց ան:

Խօսելով այն մասին, թէ որո՛նք են համաժողով հրաւիրելու գլխաւոր թիրախը եւ նպատակը, Յարութ Շիրինեանը պարզաբանեց. «Ամէն անգամ, երբ Եւրոպական Միութեան ամենաժողովրդավարական բեմ Եւրոխորհրդարանի մէջ հայկական ձեռնարկ տեղի կ՛ունենայ, բնականաբար մենք խօսք կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, միջազգային հաստատութիւններուն, հեղինակաւոր եւրոպական քաղաքական գործիչներուն, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ եւրոպական լրատուամիջոցներուն: Մեզի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունի հայատեացութեան թեմայի բարձրաձայնումը այսպիսի բեմերէ, որովհետեւ մենք համոզուած ենք, որ մեր ժողովուրդի այսօրուան համահայկական խնդիրներու առաջնային պատճառը թուրք եւ ազրպէյճանական հայատեաց դիրքորոշումն է: Փաստօրէն այդ քաղաքականութիւնը պատմական անցեալի մէջ չէ մնացած, ներկային ալ մենք պարբերաբար կ՛առերեսուինք այդ խնդիրին: Ահա այս համաժողովը շատ լաւ առիթ է, որ եւրոպական կարեւոր այս կառոյցին մէջ բարձրաձայնուին հայատեացութեան վերաբերեալ հարցերը եւ քննարկուին անոնց դէմ պայքարի ուղիները»,  ընդգծեց ան:

Համաժողովը կը հիւրընկալէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարիուսը: Համաժողովին պիտի մասնակցին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ, հասարակական գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Յարութ Շիրինեանը վստահ է, որ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան մասին պէտք է տեղեկացուած ըլլայ միջազգային հանրութեան աւելի լայն շրջանակ:

Նախորդը

Թեզէի Երիտասարդական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Յեղափոխութեան» Պատրանքները

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.