Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ

February 28, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ 7 ապրիլ 2019-ին Ներքին ապահովութեան ուժերուն կազմակերպելիք կէս մարաթոնին մասին (21,1 քմ):

Այս տարեկան 12-րդ կէս մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ «Միասնաբար` դէպի աւելի ապահով ընկերութիւն» կարգախօսին ներքեւ:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հրաւիրեալներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, մարզական լրագրողներ: Անոր ներկայ էին նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքի նախագահ, գնդապետ-զօրավար Ահմետ Խաշֆէ խօսք առնելով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ այս կէս մարաթոնին մասին` նշելով, թէ անիկա ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանայ եւ թէ ի՛նչ են կարելիութիւնները անոր մասնակցութեան:

Ան ըսաւ, թէ այս կէս մարաթոնին կրնան մասնակցիլ 16 տարեկան եւ վեր վազողներ, իսկ անոնց զինուորական ըլլալը պայման չէ:

Ռոլան Սաատէ գովասանքով արտայայտուելով այս կէս մարաթոնին մասին, ըսաւ թէ սկզբնական շրջանին, երբ անիկա սկսաւ, անոր մասնակցողներուն թիւը կ՛ըլլար առաւելագոյնը 200 վազող: Սակայն նախորդ տարի անոր մասնակցեցան շուրջ 1000 վազողներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա հետզհետէ աւելի յաջողութիւն կ՛արձանագրէ:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որ ըսաւ.

«Այս կէս մարաթոնին գլխաւոր նպատակն է խառն վազքի մրցում մը կայացնել զինուորականներուն եւ ժողովուրդին միջեւ, որպէսզի երկուքին միջեւ կապը սերտանայ:

«Վերջին շրջանին Ներքին ապահովութեան ուժերուն մարզական իրագործումները եղան շատ, անոնցմէ կարելի է յիշել կառոյցին մինի-ֆութպոլի խումբը, որ տիրացաւ Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, ինչպէս նաեւ Լիբանան – Թունուզ մինի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին տիտղոսին:

«Այս առիթով կու գամ բոլորը հրաւիրելու Թանգարանի շրջանէն սկսելիք եւ հոն աւարտելիք այս կէս մարաթոնին, որուն մասնակցութիւնը ամբողջութեամբ անվճար է, իսկ անոր կրնան մասնակցիլ բոլորը»:

Աւարտին, Ներքին ապահովութեան ուժերու մինի ֆութպոլի խումբը իր տիրացած տիտղոսը նուիրեց հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Պիպլոս

Յաջորդը

Ֆութսալ. Այսօր` Միջազգային Համալսարան – ՀՄԸՄ Պէյրութ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.