Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ արհեստական առիթներ կը ստեղծեն Վենեզուելայի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Լաւրով ընդգծած է, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի զարգացումներուն եւ պարբերաբար կը լսէ Ուաշինկթընի այն ուղիղ սպառնալիքները, թէ զինուորական միջամտութեան բոլոր տարբերակները կը շարունակեն մնալ սեղանի վրայ:
«Այդ սպառնալիքներուն նիւթական մարմնաւորումն են զինուորական սպառազինութեան կուտակումն ու մասնայատուկ ուժերու պատրաստութիւնը», ըսած է ան:
«Մենք նաեւ կ՛արձանագրենք մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման անուան տակ երկրին սահմանը բռնի ուժով կտրելուն ուղղուած անդադար սադրանքներ», նշած է Լաւրով` ընդգծելով, որ ըստ իրենց, ամերիկեան կողմը կ՛ակնկալէ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կ՛ըլլան զոհեր, ինչ որ առիթ կու տայ ի գործ դնելու զինուորական միջամտութեան ծրագիրը:
«Յետոյ արդէն, լաւ գործածուած բեմագրութեան համաձայն, պիտի ըլլան ջղագրգիռ բացագանչութիւններ, եւ պիտի ըլլայ զինուորական միջամտութեան փորձ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Մոսկուան կը շարունակէ աշխուժ կերպով աշխատիլ բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք նուազ մտահոգ չեն զինուորական միջամտութեան բեմագրութեամբ:



