Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին:
Գերմանական մարզական մամուլը, անդրադառնալով այս մրցումին, իր կատարած վիճակագրութիւններէն ետք յայտնեց, որ Տորթմունտին եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Ճէյտըն Սանչօ «Պունտըսլիկա»-ի մրցանիշ մը հաստատած է:
18 տարեկան Սանչօ դարձած է «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ 9 կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ խաղացողը` 18 տարեկան եւ 336 օր:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Լուքաս Փոտոլսքիին:



