Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վերահաստատեց Լիբանանի Վճռականութիւնը` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Աշխատանքը Շարունակելու

February 27, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընի, այցելեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն:

Նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր ջանքերը Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններ փոխադրելու սուրիացի տեղահանուածները, առանց սպասելու Սուրիոյ վերաբերող քաղաքական լուծումին, որ շատ երկար ժամանակի կրնայ կարօտիլ: Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ Լիբանան հետամուտ է` սուրիացիներուն որեւէ վտանգէ զերծ մնալուն, աւելցնելով, որ իրենց երկիրը վերադարձած սուրիացիներուն վերաբերող տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ անոնք կը վայելեն հովանաւորութիւնը Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որոնք պատրաստ բնակարաններ, դպրոցներ եւ ենթակառոյցներ կը տրամադրեն տուն դարձողներուն. ըստ հանրապետութեան նախագահին, Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է այս իրողութենէն վստահ ըլլան:

Զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առնչութեամբ երկու տարբեր մօտեցումներ գոյութիւն ունին, Եւրոպական Միութեան մօտեցումը քաղաքական որոշումներու հիման վրայ է, իսկ Լիբանանի կեցուածքին պատճառները ընկերային-տնտեսական են: Այս պարունակին մէջ, նախագահ Աուն Ֆետերիքա Մոկերինիին ներկայացուց տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային այն հետեւանքները, զորս կը կրէ Լիբանան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն իր հողերուն վրայ մնալուն պատճառով: Ան առաջարկեց, որ վերջիններուն օժանդակութիւն տրուի անոնց տունդարձէն ետք, որպէսզի տեղահանուածները քաջալերուին վերադառնալու իրենց հողերը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ բաժնուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց տարած աշխատանքները ծանր են լիբանանցիներուն համար, բայց եւ այնպէս սուրիացիները կը մղէ մնալու իրենց գտնուած տեղը, որովհետեւ անոնք նաեւ զերծ են տարբեր տեսակի պարտաւորութիւններէ, զորս ունի լիբանանցին: Ուստի, ասիկա պատճառ կը դառնայ լիբանանցի երիտասարդութեան արտագաղթին:

Հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակին եւ հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան մասին` դիտել տալով, որ ատոր շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանեան հարաւային սահմանագիծին վրայ կացութիւնը կայուն պահել:

Ֆետերիքա Մոկերինի նախագահ Աունին ներկայացուց նախորդ շաբաթ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին արդիւնքները, նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւնը տարբեր բնագաւառներուն, յատկապէս տնտեսական եւ ապահովական կայունութեան համար:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, եւրոպական-լիբանանեան համագործակցութիւնը, նաեւ Լիբանանի տանելիք աշխատանքը` «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը իրականացնելու:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ տեսակցութեան ընթացքին Ֆետերիքա Մոկերինի հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք Եւրոպական Միութիւնը աւելի գործնականօրէն պիտի օժանդակէ Լիբանանին` իր ուսերուն դրուած բարեկարգումները իրականացնելու:

Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ ծովային սահմաններուն` նշելով, որ Լիբանան Եւրոպական Միութեան շեմին կը գտնուի, ուստի իր պաշարներուն լաւապէս օգտագործումով կարելի կ՛ըլլայ երկիրը վերականգնել եւ տնտեսական բնագաւառին զարկ տալ: Ան յոյս յայտնեց, որ միութիւնը հասկացողութեամբ կը մօտենայ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին:

Ֆ. Մոկերինի նաեւ այցելեց եւ քննարկումներ կատարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Նախորդը

Ֆետերիքա Մոկերինի. «Կը Գործակցինք Լիբանանի Հետ` Աւելի Լաւ Երկիր Կերտելու Տեսլականով»

Յաջորդը

Հայկական Եկեղեցիին Դէմ Ոտնձգութեան Միջադէպին Հարցով. Թուրքիոյ Հրէական Համայնքը Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Պոլսահայութեան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.