Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Թրամփ – Ըն Հանդիպում. ՄԱԿ Հիւսիսային Քորէային Խորհուրդ Կու Տայ Հիւլէական Ծրագիրը Զարգացնելու Փոխարէն Կերակրելու Բնակչութիւնը

February 27, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթոֆ Հոյսկեն պատմած է կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացման հարցով քննարկումներու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Քննարկումներուն ընթացքին ըսուեցաւ, որ հիւլէական ծրագիրը շարունակելու փոխարէն, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները լաւ կ՛ընեն, եթէ միջոցները ուղղեն սեփական բնակչութիւնը կերակրելուն, ատիկա անոնց պարտքն է», ըսած է Հոյսկեն:

Ան աւելցուցած է, որ Հիւսիսային Քորէան ջանքեր կը գործադրէ երկրին դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները շրջանցելու համար:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Հիւսիսային Քորէա կը փորձեն համաձայնութիւն գոյացնել Սինկափուրի վեհաժողովի ընթացքին Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման եւ Փիոնկիանկի ու Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման քայլերու յաջորդականութեան շուրջ, սակայն մինչեւ հիմա յստակ քայլեր չեն կատարուած: Փիոնկիանկ կը սպասէ Ուաշինկթընի կողմէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական զինաթափման ուղղուած քայլեր կ՛ակնկալէ:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը ներկայացուցած էր զեկուցում մը, ըստ որուն, Հիւսիսային Քորէայի իւրաքանչիւր 4-րդ քաղաքացի պարէնային անվտանգութեան բացակայութեան պատճառով ճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, իսկ 19 միլիոն քաղաքացի կախեալ է պարէնի բաշխումի պետական համակարգէն:

Հիւսիսային Քորէան 1990-ական թուականներու կէսէն ի վեր, երբ դադրեցաւ Խորհրդային Միութեան կողմէ օժանդակութեանց մատակարարումը, կը բախի բնակչութեան համար պարէնի մնայուն անբաւարարութեան հարցին:

Տարբեր տուեալներով` սովի զոհ դարձած է քանի մը հարիւր հազարէն մինչեւ քանի մը միլիոն հիւսիսային քորէացի:

Նշենք, որ այսօր Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հնդկաստան-Փաքիստան Լարուածութիւնը Կ՛աճի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.