«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Օրլանտօ Մեճիք, Տենվըր Նակեթց եւ Նիւ Եորք Նիքս յաղթանակներ արձանագրեցին:
Հակառակ անոր որ Տեմար Տերոզան նշանակեց 32 կէտ, սակայն անոր կազմը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ, պարտութիւն կրեց Նիքսէն (130-118):
Նակեթցին մաս կազմող Նիքոլա Ժոքիչ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ տեղի ունեցած յաղթական մրցումին ընթացքին (123-96) նշանակեց 22 կէտ:

Իսկ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ տեղի ունեցած յաղթական մրցումին (113-98), Մեճիքէն Թերենս Ռոզ նշանակեց 28 կէտ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն, արեւելեան շրջանէն ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է Միլուոքի Պաքս (45), իսկ արեւմտեան շրջանէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (42):


