Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Սերկէյ Տիաքով ընտրուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններուն ան ըլլալով այդ պաշտօնին համար միակ թեկնածուն, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նոր նախագահ:
Ան նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնած էր, որ եթէ ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուի, պիտի հեռանայ Զենիթէն:
Ֆետերասիոնի նախագահ Վիթալի Մութքոյի հեռանալէն ետք, Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի նախագահ Սերկէյ Պըրեաթքին նշանակուած էր նախագահի պաշտօնակատար:



