Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան Սեն Ժոզեֆ համալսարանը, իր մարզիկներուն արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացաւ 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի:
Անոր տղոց ֆութպոլի խումբը, ինչպէս նաեւ աղջկանց պասքեթպոլի կազմը հանդիսացան ախոյեան` տիրանալով ոսկի մետալի: Իսկ աղջկանց վոլիպոլի խումբը տիրացաւ արծաթ մետալի:
Ինչպէս ծանօթ է, ոչ միայն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող միջհամալսարանական, այլ նաեւ միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին ալ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանը կ՛արձանագրէ գերբացառիկ արդիւնքներ եւ կու գայ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ անոր պատասխանատուները կ՛աշխատին բծախնդիր ձեւով:



