Նախագահ Աուն ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Քսսայֆի նախագահին ներկայացուց լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն դիմագրաւած ճակատագրական տագնապը: Ան նշեց, որ այս տագնապը դիմագրաւելու համար, սենտիքան որոշած է կազմակերպել ազգային վեհաժողով մը, որպէսզի ճշդուի թերթին եւ լրատուամիջոցներուն ընդհանուր պատկերացումը, եւ այս առիթով ան հանրապետութեան նախագահէն խնդրեց հովանաւորել այս վեհաժողովը եւ անձամբ ներկայ գտնուիլ անոր: Քսսայֆի գնահատեց հանրապետութեան նախագահին ջանքերը երկիրը վերակենդանացնելու իմաստով եւ յայտնեց լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն աջակցութիւնը` փտածութեան եւ փտածներուն դէմ պայքարին մէջ:
Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը` բիւրեղացնելու հանրային կարծիքը, ինչպէս նաեւ զարգացնելու քաղաքացիները, եւ անդրադարձաւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Նախագահ Աուն վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, որ մամուլը պէտք է ազատ ըլլայ, բայց պէտք է ազատ ըլլայ ճշմարտութեան սահմաններուն մէջ:
Անդրադառնալով կառավարութեան կացութեան` նախագահ Աուն զարմանք յայտնեց այն խօսքերուն վերաբերեալ, որոնք կ՛ըսեն, թէ այնտեղ վէճեր կը պատահին կամ քանի մը օրուան ժամկէտ կու տան անոր, շեշտելով, որ անիկա յաջող կառավարութիւն մը պիտի ըլլայ:
Ինչ կը վերաբերի երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ նիւթական տագնապին, ընդհանուր պարտքին, միջազգային տագնապներուն, շրջանային պատերազմներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին, նախագահ Աուն ըսաւ, թէ Լիբանան կրնայ շրջանցել այս տագնապը` նշելով, որ նիւթական եւ տնտեսական կացութիւններուն շուրջ տարածուող խօսքերը վտանգաւոր են եւ պէտք է հեռու մնալ անոնցմէ:
Անդրադառնալով ծերութեան ապահովագրական հարցին` նախագահ Աուն նշեց, որ ատիկա պիտի իրականացուի եւ ըսաւ, որ գաղտնիք չէ, որ դատական իշխանութեան մօտ կան թղթածրարներ` ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի խախտումներուն վերաբերեալ:
Նախագահ Աուն նաեւ խօսեցաւ Հըզպալլայի վտանգներէն Միացեալ Նահանգներու նախազգուշացումներուն եւ ներկայ կառավարութեան մէջ անոր ազդեցութեան մասին: Ան ընդգծեց, որ ատիկա ամերիկեան տեսլական է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ: Նախագահը աւելցուց, որ Հըզպալլա պահած է իր նոյն քաղաքական ներկայութիւնը ինչպէս նախկին կառավարութեան մէջ, եւ ճիշդ չէ, որ անոր ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ կ՛աւելնայ եւ ինչ որ կ՛ըսուի քաղաքական միջավայրերուն մէջ այս նիւթին վերաբերեալ պարզապէս չափազանցութիւններն են: Ինչ կը վերաբերի Հարաւի եւ Պեքայի մէջ Հըզպալլայի ազդեցութեան, նախագահ Աուն ըսաւ, որ բանակէն եւ ապահովական ուժերէն աւելի բարձր իշխանութիւն չկայ, եւ անոնք վերջերս մեծ ապահովական գործողութիւններ կատարած են շրջանին մէջ եւ հաստատած ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Ան կրկին վստահեցուց, որ Լիբանան կը մերժէ սպասել Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման, որպէսզի տեղահանուածները տուն վերադառնան, քանի որ Լիբանան այս ծիրին մէջ տառապած է պաղեստինցիներուն հետ, որոնք տակաւին քաղաքական լուծում կը սպասեն 70 տարիէ ի վեր:
«Ըսելը, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը իրենց երկիրը ապահով չէ, ատիկա չափազանցուած խօսք է: Արդէն իսկ 156000 տեղահանուած վերադարձած է, եւ անոնցմէ ոչ մէկուն նեղութիւն տուած են», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը: Նախագահ Աուն նշեց, որ վերադարձողները իրենց ազատ կամքով վերադարձան եւ անոնք չեն արձանագրուած միջազգային կազմակերպութիւններու ծառայութիւններուն մօտ:
Անդրադառնալով նախարար Ղարիպի Սուրիա այցելութեան` նախագահ Աուն նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թիւը Լիբանանի մէջ կ՛անցնի 1,5 միլիոնը, եւ նախագահ Պաշշար Ասատ ողջունած է բոլոր տեղահանուածներուն վերադարձը: «Լիբանան իրաւունք չունի՞ հանգստանալու հարցէ մը, որ դրուեցաւ իր ուսերուն վրայ` առանց վնասելու ուրիշ այլ երկրի մը: Ասիկա տրամաբանական չէ, քանի որ տեղահանուածներուն վերադարձը Լիբանանի շահերուն կը նպաստէ, յատկապէս որ սուրիական իշխանութիւնները ցանկութիւն յայտնած են զանոնք ընդունելու», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն զարմանք յայտնեց վերաբերմունքին գծով այս մեծ երկիրներուն, որոնք չեն աշխատիր տեղահանուածները վերադարձնելու եւ չեն ալ ուզեր, որ Լիբանանը այդ վերադարձը իրականացնէ:
Անդրադառնալով այն նշումին, որ Գերմանիա Լիբանանէն կը պահանջէ իրեն յանձնել Սուրիոյ օդուժի հետախուզութեան ղեկավարը` Ժամալ Հասանը, որ Լիբանան կը գտնուի, նախագահ Աուն նշեց, որ ինք այս նիւթէն տեղեակ չէ, եւ ապահովական ուժերը իրեն չեն տեղեկացուցած, որ Հասան Լիբանան մտած է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր հասած է նախագահ Աունը` գործադրելու փտածութեան պայքարին դէմ կարգախօսը, զոր սկիզբէն կը բարձրաձայնէր, նախագահ Աուն ըսաւ, որ կան փտածութեան մեղադրանքով առնուազն 5 դատեր դատական իշխանութեան առջեւ, եւ կայ նաեւ նմապատիպ մեծ դատ մը, որ դատական իշխանութիւնը կը հետապնդէ ամիսէ մը ի վեր եւ որուն մէջ ընդգրկուած են ներքին ապահովութեան ուժերէն 21 անդամներ, բայց կարգ մը լրատուամիջոցներ չեն հետեւիր այս նիւթին, այլ կառչած կը մնան սուտ լուրերու եւ մեղադրանքներու փոխանակումներու վրայ»: Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ ինք այս դատին մասին կը փնտռէ լրատուամիջոցներուն մէջ եւ չի գտներ:
Հանդիպում Նախարար Ռայա Հասանի Հետ
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին` նոր կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելու վստահութեան համար, եւ ներկայացուց նախարարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւնները` բոլոր առումներով: Նախարար Հասան նշեց, որ նախագահ Աունին հետ քննարկած են տարբեր նիւթեր, որոնք կը վերաբերին քաղաքացիներուն, եւ կը դիւրացնեն անոնց ամէնօրեայ պահանջները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ապահովական կացութիւնը:
Դեսպան Կապի Իսա
Նախագահ Աունի այցելուներուն շարքին էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Կապի Իսա, որ նախագահին հետ անդրադարձաւ լիբանանեան-ամերիկեան յայրաբերութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ անոնց զարգացման ձեւերուն եւ յատկապէս բանակի զինման, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ դրամատնային մարզին:





