Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

December 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իտալիա եւ Վատիկան: Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի, խորհրդարանի նախագահին եւ Հռոմի քաղաքապետին հետ:

Հռոմի մէջ նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Պրասքի թանգարանին մէջ բացուած «Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ» խորագիրով ցուցահանդէսի մը: Նախագահը Վենետիկի մէջ պիտի մասնակցի երկու երկիրներու նախագահներուն բարձր հովանիին ներքեւ բացուող «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է հայ տպագրութեան 500-ամեակին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վենետիկի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն եւ Իտալիոյ հայ համայնքի աւելի քան երկու տասնեակ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ Վենետիկի քաղաքապետարան, ուր ներկայ պիտի գտնուի Երեւանը եւ Վենետիկը քոյր քաղաքներ հռչակելու հոլովոյթը վերսկսելու վերաբերեալ երկու քաղաքներուն միջեւ համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան: Նախագահը իր աշխատանքային այցելութիւնը պիտի աւարտէ 15 դեկտեմբերին:

Իր այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:

Դիմաւորում` Հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ

Հայաստանի նախագահը եւ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապը գոհունակութեամբ անդրադարձան Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Ս. Էջմիածինի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութեան, յանուն համընդհանուր բարօրութեան` հասարակութեան մէջ երկու եկեղեցիներուն ունեցած մեծ դերին մասին: Ընդգծուեցաւ սերունդները քրիստոնէական արժէքներու ոգիով դաստիարակելու կարեւորութիւնը: Երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Հռոմի պապին հետ նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Թարչիցիօ Պերթոնէի հետ:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկկողմանի բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք խօսեցան մշակութային կապերու ամրապնդման մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանին` արտերկրի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար: Երկու կողմերը համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի մէջ դեսպաններու նշանակումը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման համար:

Կարտինալ Պերթոնէի հետ հանդիպումէն ետք Հայաստանի նախագահը Վատիկանի մէջ այցելեց Ս. Պետրոս Մայր տաճար եւ տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ տեղադրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձան:

Այցելութեան առաջին օրը նախագահ Սարգսեան այցելեց նաեւ Հռոմի Հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին:

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՑԱԽ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ ԶԱՅՐԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ԱՆԳԱՐԱՆ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։