Քաթալոնական Պարսելոնայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց իր գլխաւոր մարզիչին` Էռնեսթօ Վալվերտէի հետ:
Սպանացի մասնագէտին հետ կնքուած նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019-2020 տարեշրջանին աւարտը եւ ունի մէկ տարիով երկարաձգուելու կարելիութիւն:
Ան 2017-ի ամրան գլխաւորեց Պարսելոնան: Անկէ առաջ ան չորս տարի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի մարզիչն էր:



