Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Օլ-Սթար»-ի մրցումին, Լեպրոն Ճէյմսի կազմը 178-164 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճիաննիս Անթեթոքունմփոյի կազմին դէմ: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 37-53, 45-42, 50-36 եւ 46-33:

Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրանթ (31), իսկ պարտեալ կազմէն` նոյնինքն Ճիաննիս (38):
Այս տարի «Օլ-Սթար»-ի այս մրցումը եղաւ տարբեր, այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր խումբ ունեցաւ իր անունը եւ այդ անունը կրող խումբը ընտրեց իր կազմը:


