
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ինտոնեզիական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն նախագահեց Ինտոնեզիոյ խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Լուքման Հաքիմ Սէյֆէտտինը` ընկերակցութեամբ Ինտոնեզիոյ խորհրդարանի Բ. փոխնախագահ Ահմետ Ֆարհան Համետի եւ խորհրդարանի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպանին` Տիմաս Սամտրարոմի:
Հանդիպումէն ետք Սէյֆէտտին յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւնները բարելաւել` աւելցնելով, որ պատուիրակութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հրաւիրած է Ինտոնեզիա` մասնակցելու համար յառաջիկայ 24-31 յունուարին տեղի ունենալիք իսլամական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Քեթրին Պուրան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի:


