Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները Կ՛արտաքսուին Վենեզուելայէն

February 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանական Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էսթեպան Կոնզալես Փոնս յայտարարած է, թէ զինք եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան այլ անդամները կ՛արտաքսեն Վենեզուելայէն` նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հրամանով:

«Մեր անձնագիրները գրաւած են եւ մեզ կ՛արտաքսեն Վենեզուելայէն: Մեզի հետ վատ կը վարուին եւ միակ բացատրութիւնը, որ կու տան, այն է, որ Մատուրոն չ՛ուզեր, որ մենք այստեղ ըլլանք», գրած է ան իր թուիթըրեան էջին վրայ:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամը ընդգծած է, որ ինք նախագահ Խուան Կուայտոյի հրաւիրած առաջին պատուիրակութեան անդամ է: «Եթէ մեզ արտաքսեն, ասիկա պէտք է ըլլայ վերջնական ապացոյցը, թէ երկխօսութեան բոլոր տարբերակները վերջ գտած են, եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դուրս գայ Վենեզուելայի հարցով միջնորդական խումբէն», աւելցուցած է ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Արիասա իր կարգին յայտարարած է, թէ Վենեզուելայի իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն խաթարել երկրին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

«Պաշտօնական դիւանագիտական աղբիւրներով մեզի յայտնի դարձած է Եւրոպական խորհրդարանի խումբ մը անդամներու ժամանումին մասին, որոնք կ՛ուզէին երկիր այցելել դաւադրութեան նպատակով: Անոնց խորհուրդ տրուած է խուսափիլ սադրանքներէն», ընդգծած է Արիասա:

Նախորդը

«Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Վրայ 2020-էն Առաջ Հարիւրաւոր Մղոններ Երկարող Պատ Պիտի Կառուցենք» Կ՛ըսէ Միլըր

Յաջորդը

Իսրայէլեան «Էրոնոթիքս» Ընկերութիւնը Ազրպէյճանի Հետ 13 Միլիոն Տոլարի Համաձայնագիր Կնքած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.