Սպիտակ տան խորհրդատու Սթիւըն Միլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ արտակարգ դրութեան յայտարարութիւնը կրնայ արտօնել Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքին 2020-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ «հարիւրաւոր մղոններ» երկարող պատ մը կառուցել:
Միլըր ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը նախատեսենք հարիւրաւոր մղոններով պատ կառուցել… թերեւս սեպտեմբեր 2020-ին կառուցել երկու հարիւր մղոն երկարութեամբ պատ»:
«Սահմանին վրայ չես կրնար ունենալ վերահսկողութեան տակ չեղող կամ ոչ ապահովուած շրջաններ, ուրկէ մարդիկ կրնան մուտք գործել առանց նշմարուելու», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտած էր, որ մտադիր է Մեքսիքայի հետ պատի կառուցման հարցը օգտագործել իր վերընտրութեան պայքարին մէջ` հակառակ դեմոկրատականներու, մարդկային իրաւանց պաշտպան խմբաւորումներու, սահմանին վրայ տարածքներու սեփականատէրերու եւ Քոնկրեսի անդամ բազմաթիւ հանրապետականներու քննադատութիւններուն:



