Տակաւին քանի մը օր անցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումէն, սակայն Մոսկուան արդէն կը յայտարարէ Փութին-Էրտողան նոր հանդիպումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Փութին եւ Էրտողան հերթական բանակցութիւններ պիտի կատարեն Մոսկուայի մէջ այս տարուան ապրիլին», յայտարարած է Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան 15 փետրուարին այցելած էր Սոչի, ուր նախ երկկողմանի հանդիպում ունեցած էր Փութինի հետ, ապա տեղի ունեցած էր Սուրիոյ հարցով Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա վեհաժողովը:
Կողմերը համաձայնած են վերջ տալ Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան եւ աջակցիլ Սուրիոյ սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան ու աշխատանքներու մեկնարկին:



