Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութիւնը 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու ինքնատիպ նախաձեռնութիւն մըն է, հրաւէր` նախ մտածելու, ապա` մեր կարիքներու, հեռանկարներու եւ կարելիութիւններու ծիրէն ներս աշխուժացնելու հայ մամուլը, զայն ծառայեցնելու մեր ժողովուրդի ապագային, զայն դուրս բերելով իր թաղային, համայնքային, մասնակի լրատուամիջոցի վիճակէն:
Ղեկավարութիւններ (պետութիւն, կուսակցութիւն, հրապարակագիր, լրագրող, մտաւորական եւ ընթերցող հասարակութիւն) այս հարցի մասին պէտք է մտածեն ընկերութիւններու եւ քաղաքակրթութեան հոլովոյթի լոյսին տակ, ճշդեն մամուլի տեղը, դերը, բովանդակութիւնը` կարելիութիւնները եւ անկէ սպասուածը եւ տալիքը: Ժողովուրդներ եւ երկիրներ մամուլ ունին, առանձին չենք: Ներազգային խոզակի բանտին մէջ մնալով` նպատակասլաց եւ օգտակար մամուլ չենք ունենար:
Մենք սովորաբար հայ մամուլ հասկացողութեան տակ կ՛արձանագրէինք տպագիր թուղթը (օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ, պարբերական): Երբեք չենք կրցած հաշուել, թէ աշխարհագրական տուեալ շրջանի մը հայ բնակչութեան ո՞ր տոկոսը տեղեկութիւն կը ստանայ հայկական թերթերէն` անջատելով հայագիրը եւ օտարագիրը, յաւելեալ յստակութեան համար: Նահանջի մը արտայայտութիւն օտարագիր հայ մամուլը ի՞նչ օգտակարութիւն ունեցած է եւ ունի:
Երբեք չենք փորձուած նաեւ բաղդատութիւններ ընել օտար մամուլին հետ` որպէս բովանդակութիւն, որակ, կազմակերպութիւն եւ ազդեցութիւն: Հայկական թերթին տպաքանակը չի յայտարարուիր, ոչ ոք գիտէ, առաւել կամ նուազ ճշդութեամբ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին գնողներուն եւ ընթերցողներուն թիւը: Ազգային, համայնքային եւ կողմնապաշտական բարոյական ըմբռնումով կը քաջալերենք հայկական թերթը, կը քննադատենք, նոյնիսկ երբ չենք կարդար:
Կը պատահի՞, որ խօսինք հայկական թերթի ընթերցողին հետ եւ հարց տանք, թէ ո՞ր սիւնակները կը կարդան (հետաքրքրուիլ բառը պերճանք պիտի ըլլայ): Հարցախոյզ մը եթէ կատարուի, տխուր եզրակացութեան պիտի հասնինք: Կը կարդացուին ձեռնարկներու յայտարարութիւնները, մահազդները, հոգեհանգիստները: Կը կարդացուին առաջին էջի մեծատառ վերնագիրները եւ հեռագրալուրերը:
Այսինքն թերթին gazette-ի մասի անմիջականութիւնը կը հետաքրքրէ զանգուածը: Իսկ այս նուազագոյնն ալ սահմանափակուած է, քանի որ ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ այդ դերը կը կատարեն` հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, առանց յաւելեալ ճիգ պահանջելու: Եթէ գումարենք համացանցով ստացուած եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող, կրկնուող եւ մեկնաբանուող լուրերը, դասական լրատուամիջոց տպագիր մամուլի ապագան կը դառնայ հարցական:
Կը մնայ հայ տպագիր մամուլի, այսպէս կոչուած, ներքին էջերու ընկերային, ազգային, քաղաքական եւ գրական բովանդակութեան գրութիւններու պարագան, վերլուծական կամ ստեղծագործական: Այս էջերուն վրայ տեղադրուածները` ստացուած եւ իւրացուած, գրողը եթէ փափաքի, համացանցով կը հաստատէ իր կայքը եւ կ՛ունենայ իր ընթերցողները: Այս ընելու համար ոչ մէկ համադրումի, հսկողութեան, կամ զտումի կարիք եւ պարտաւորութիւն կայ:
Այս արագ նշումներու լոյսին տակ կա՞յ կարելիութիւն հայ տպագիր մամուլի տեւականացման համար: Պարզ է, որ հայ տպագիր մամուլը, ինչպէս այսօր, վաղն ալ իր տպաքանակով եւ ընթերցողներու համրանքով պիտի չգոյատեւէ: Կը մնայ ծանուցումներու պարագան, որոնք շնչառութեան թոք են` առանց բաւարար ըլլալու:
Հայ տպագիր մամուլը, փաստ է այսօր, կ՛ապրի այս կամ այն կողմի պատկանելիութեամբ, անոր օժանդակութեամբ եւ յատկացումներով, իր վճարող ընթերցողներն ալ ընդհանրապէս կը պատկանին աւանդական կողմերէն մէկուն կամ միւսին:
Հարկ է քննել այն պայմանները, որոնք կրնան հայ տպագիր մամուլը աշխուժացնել, ընել այնպէս, որ ընթերցողները իրենք փնտռեն թերթը` իր բովանդակութեան համար, որ աւելին բերէ իրեն, քան` ընթացիկ կազեթը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը: Ընթերցողը լուրը կ՛իմանայ զանազան լրատուամիջոցներէ, որոնք կը կրկնուին մէկ կամ միւս աղբիւրի պարագային: Հայ թերթը լուրին վրայ կամ անոր հետ աւելին պէտք է բերէ: Այդ աւելին տեղեկութեան իմաստաւորումն է պատմութեան, քաղաքակրթութեան, միջազգային եւ ազգային ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ, ինչ որ չեն կրնար ընել ո՛չ ձայնասփիւռը, ո՛չ հեռատեսիլը, ո՛չ համացանցը: Ո՛չ ալ օրաթերթը, որ հարկատու է անմիջականի:
Այս տրամաբանութեամբ ալ ասկէ առաջ խորհած եւ ըսած եմ, որ ընդհանրապէս օրաթերթի ապագան, նաեւ` հայ օրաթերթի, շաբաթաթերթն է` իր վերամտածուած հայկական եւ ժամանակակից քաղաքակրթական-քաղաքական-մշակութային բովանդակութեամբ:
Աչքի առաջ ունիմ ոչ հայկական շաբաթաթերթ մը`
– 100 էջ,
– 25 էջ ծանուցում,
– 22 յօդուածներուն առնչուող նկարազարդում,
– Հրատարակութեան կէսը գեղեցիկ եւ գունաւոր նկարներ ունի, որոնք էջերուն շնչառութիւն կու տան` ընթերցումը դիւրացնելով:
– Շաբաթաթերթը կը սկսի երկրին համար անմիջական իրադարձութեան մը մասին երկու սիւնակով` էջին 2/3-ը, դէպքի ընկերաքաղաքական հասկնալի եւ լուսաբանող բացատրութեամբ:
– Էջ մը յատկացուած է քաղաքական-ընկերային հարցի մը, որ կը վերաբերի ժամանակակից ընկերութեան` երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս: Ընթերցողը կը հասկնայ, որ իր եւ իր երկրին հարցերը մաս կը կազմեն ընդհանուրի մը` բերելով դատումի տարրեր:
– Էջի մը 2/3-ով կը խօսուի բջիջային հեռախօսի ներկայութեան մասին, որ քաղաքական կեանքի ազդակ դարձած է` մրցակցութիւններ, լրտեսութիւն, հսկողութիւն եւ այլն:
– Երկրի քաղաքական դէմքերու հակիրճ արտայայտութիւնները անմիջական խնդիրներու մասին` թեր, դէմ:
– Տարիներ առաջ հեռաւոր երկիր մը ապաստանած ահաբեկիչի ձերբակալութիւնը. յիշեցումներ:
– Քաղաքական երկու անձերու կենդանագիրը եւ անոնց առաջարկները:
– Դրամի եւ տնտեսութեան հարցը` համաշխարհային կացութեան մէջ նախատեսուող վտանգներ, պետութիւններու անլուծելի պարտքերը:
– Ժողովրդական ընդվզումներ` իշխող ընտրանիին դէմ եւ ընդվզեցուցիչ եկամուտներ:
– Համաշխարհային պատերազմին ձգած ընկերային եւ հոգեբանական հետքերը:
– Եկեղեցին եւ մանկասիրութեան հարցերը:
– Պատերազմէն ետք Եւրոպայի վերակառուցման թաքուն երեսը:
– Այլ երկիրներ:
– Վեզիւվ հրաբուխի լաւային տակ թաղուած Պոմպէի պեղումները` լուսանկարներով:
– Իմաստասիրութեան էջ մը. ինչպէ՞ս իմաստասիրել:
– Բնութիւնը եւ նախնական համարուած Ամազոնի ցեղախումբերը:
– Բժշկութիւն եւ բնութիւն:
– Գրականութիւն. վիպասան մը:
– Շարժանկար եւ դերասաններ:
– Նոր գիրքեր: Տեղական եւ միջազգային:
– Թատրոն. նորութիւններ եւ բեմադրութիւններ:
– Նորոյթի մասին կարծիք…
Այս յիշեցումները կ՛ընեմ ըսելու համար, որ ընթերցողը շաբաթավերջին ընթերցման նիւթ ունի` առանց բանտարկուած մնալու կրկնուող հեռագրալուրերու ուռկանին մէջ: Կը բացուի իր մտահորիզոնը: 100 էջերուն մէջ չենք հանդիպիր մանկապարտէզի հանդէսներու նկարագրութեան, այս կամ այն անձի, այս կամ այն կողմի գովերգութեան: Ընթերցողին համար գրուած են էջերը եւ ոչ` այս կամ այն իշխանին ծառայելու:
Ի հարկէ այս ընելու համար սիրողականութիւնը չի բաւեր: Բանիմաց եւ անկախ անձնակազմ պէտք է:
Միամիտ չեմ խորհելու համար, որ մենք միջոցները, մարդիկը եւ իմաստութիւնը ունինք սեղանիս վրայ գտնուող թերթին հետ մրցելու: Բայց առնուազն կրնանք մտածել օրինակի արժէքի մասին, լոյս տեսած էջը պէտք է ծառայէ ընթերցողին եւ ոչ` ստորագրողին, չըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ապսպրուած:
Ընթերցող զանգուածը նուազած է, թերթին տպաքանակը նուազած է, ընթերցողը կա՛մ կը գոհանայ հեռատեսիլով, կա՛մ կը դիմէ օտարալեզու թերթերու:
Հայ մամուլը, անոր ետին կանգնած ղեկավարութիւնները, անմիջական շահերէ եւ մրցակցութիւններէ անդին, այս հիմնահարցերը պէտք է քննեն, եզրակացնեն, կազմակերպեն եւ ուղղութիւն ճշդեն: Բայց նախ լսեն մամուլի իսկական տէր ընթերցողը, որ թերթը կը կարդայ, որ թերթը չի տեսներ, կ՛անտեսէ: Այսինքն գիտական հարցախոյզով կացութեան ախտաճանաչումը պէտք է ընել` սրահ յուզելու կոչուած ճառի փոխարէն:
Եւ ի հարկէ հայ մամուլը պէտք չէ պատուանդան ըլլայ անմիջուկ փառասիրութիւններու բաւարարման, որ հայկական հին աւանդութիւն է, որուն մասին կը վկայէ Յակոբ Պարոնեան` իր «Ազգային ջոջեր»-ով: Ո՞վ այսօր կը կարդայ «Ազգային ջոջեր»-ը` հայելիին մէջ նայելու պէս:
Այժմ` «մարգարէներով», «նուիրեալներով», «անփոխարինելիներով»…
Այս հարցերուն մասին պէտք է խօսիլ եւ զանոնք քննել` առանց վերապահութիւններու, հանրային շահը եւ գալիքը նկատի ունենալով:
Ինչպէ՞ս, ո՞ւր..
28 յունուար 2019, Նուազի-լը-Կրան



