Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռայօ Վայեքանոյի դաշտին վրայ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզման (74-րդ):
27 տարեկան Կրիզման, որ այսպիսով նշանակեց իր 130-րդ կոլը, գերազանցեց Ֆեռնանտօ Թորեսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ դարձեալ երկրորդ դիրքը խլեց Ռէալ Մատրիտէն, որ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 16-րդ դիրքը գրաւող Կիրոնայէն:
Ռէալ Մատրիտ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ վերջին վայրկեանին Սերճիօ Ռամոս դաշտէն վտարուեցաւ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Վայատոլիտը (15-րդ): Լիոնել Մեսսի փենալթիով նշանակեց մրցումին միակ կոլը (43-րդ):
Մեսսի 85-րդ վայրկեանին չկրցաւ այլ փենալթի մը կոլի վերածել:
Պարսելոնա, որ այժմ ունի 54 կէտ, եօթը կէտով կը գերազանցէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, իսկ ինը կէտով` Ռէալ Մատրիտը:



