Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մոնաքօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Նանթը, նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը արձանագրելով հեռացաւ վտանգաւոր գօտիէն եւ բարձրացաւ 16-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 22 կէտ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ժելսոն Մարթենս (13-րդ):



