Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը այցելեց «ԻՏԵՔՍ-2019» ցուցահանդէսին ներկայացուած հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու տաղաւարը: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:
Դաւիթ Տօնոյեանը աշխատանքային այցելութեամբ հասած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` մասնակցելու Ապու Տապիի Պաշտպանութեան միջազգային ժողովին (16-17 փետրուար), ինչպէս նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019 ռազմաարդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Այցելութեան ընթացքին ծրագրուած են տարբեր աշխատանքային հանդիպումներ:



