Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոկիկեան Հիմնարկ»-ի Արաբերէնի «Պայան» Մրցանակի Եօթներորդ Մրցանակաբաշխութիւնը

February 18, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան հիմնարկ»-ը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ եօթներորդ տարին ըլլալով:

Ձեռնարկը վարեց Քարոլ Արզումանեան-Դերձակեանը, որ ողջունելով ներկաները` հրաւիրեց «Կոկիկեան հիմնարկ»-ի աշակերտներէն Վիքի Քենտիրճեանը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը: Վ. Քենտիրճեանը իր խօսքին սկիզբը շեշտը դրաւ հիմնարկի նպատակին վրայ` օժանդակել լիբանանահայութեան, որ կարենայ լաւագոյն կերպով իր մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ եւ իր ամբողջական իրաւունքները ստանայ:

Օրուան հիւր-բանախօսն էր Քարմա Էքմեքճին, որ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան հիմնարկ»-ին եւ կեդրոնացաւ արաբերէն լեզուի դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ լիբանանեան շրջանակներու մէջ շեշտելով «Կոկիկեան հիմնարկ»-ին կարեւոր եւ օգտաշատ աշխատանքը, ուր հայ երիտասարդը կը թրծուի` յաղթահարելու այս դժուարութիւնները  եւ հմտանալով արաբերէն լեզուի մէջ` ի վիճակի կը դառնայ շաղուելու ընկերային շրջանակներու մէջ, որպէսզի կարենայ ծաոայել եւ ընկերային զանազան պաշտօններ ստանձնել: Ան հաստատեց, որ հայ մշակոյթին պատկանիլը եւ հայերէնը իւրացնելը հաւասարապէս կը համեմատի լիբանա-արաբական պատկանելութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով  հանդէս եկան Ժոզեֆ Տապաղեանը եւ Քարոլ Հաժը` ներկայացնելով Ֆէյրուզի երգերէն շարք մը:

Ապա լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ յատուկ յիշատակութեամբ յաջողած աշակերտները մրցանակներ ստացան «Կոկիկեան հիմնարկ»-ի վարչութեան  կողմէ:

Հանդիսութեան աւարտին Դերձակեանը յայտարարեց արաբերէն շարադրական մրցումի երեք մրցանակակիրներուն անունները: Երրորդ մրցանակը ստացան Ռոպեր Թորանեանը  (Մեսրոպեան քոլեճ) եւ Կալի Աւագեանը (Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ մրցանակը ստացաւ Նարօտ Գառնէշեանը (Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Վաչէ Չլտրեանը (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն): Այնուհետեւ առաջին մրցանակակիր Վաչէ Չլտրեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեանը  ստանձնեց «Պայան»-ի մրցանակը:

Այս առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցներէն Կալի Աւագեանը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Փետրուար 2019)

Յաջորդը

Հի՞ն, Թէ՞ Նոր Հայեր…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.